Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա 3-2 արդիւնքով յաղթեց բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին («ԲԿՄԱ»), հակառակ անոր որ մրցումին ընթացքին 2-1 արդիւնքով կը պարտուէր:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, յաղթական կազմը ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 31 կէտ եւ 9 կէտի առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արարատի վրայ:
Ինչ կը վերաբերի բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին, անիկա 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, գործող ախոյեան Ալաշկերտ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նոայի հետ:
Նոա, որ կատարած է 10 մրցում, 15 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, մինչ Ալաշկերտ, որ կատարած է 9 մրցում, 7 կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը: