«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վոլֆսպուրկ ունեցաւ իր նոր մարզիչը, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Վոլֆսպուրկի ղեկավարութիւնը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց 39 տարեկան Ֆլորիան Քոհֆելտթի հետ:
Անոր նախկին ակումբն էր Վերտըր Պրեմըն, որ Քոնֆելտթի գլխաւորութեամբ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Այժմ, Վոլֆսպուրկ ընթացիկ տարեշրջանին կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը` 13 կէտով: