Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէն որոշեց աթլեթիզմը ընդգրկել եւրոպական երրորդ խաղերուն ծրագիրին մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Այս համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէին եւ Եւրոպայի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին միջեւ:
Բոլոր երկիրները, ինչ դասակարգի որ ալ պատկանին, պիտի մասնակցին այս խաղերուն:
Մրցումներուն վայրը նկատի առնուած է Լեհաստանի մէջ գտնուող Շլիոնսքի մարզադաշտը:
Նշենք, որ եւրոպական մարզական ամառնային երրորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 9-25 յունիս 2023-ին: