Յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան, փոխախոյեան, պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եռակի ախոյեան, Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երէկ այցելեց «Զինուորի տուն»-վերականգնողական կենտրոն:
«Այսօր Արմէն Մուրադեանի եւ մեր հերոսներուն հրաւէրով «Զինուորի տան» մէջ եմ: Պէտք է նշեմ, որ ստացածս բազմաթիւ շնորհաւորանքներուն մէջ ինծի համար ամէնէն կարեւոր եւ յուզիչ շնորհաւորանքն էր: Շնորհակալ եմ, տղա՛ք: Փա’ռք ու պատիւ ձեզի», ըսաւ Ալեքսանեան:
Նշենք, որ նախորդ 21 հոկտեմբերին Ալեքսանեան նշեց իր ծննդեան 30-րդ տարեդարձը: