Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի բացման մրցումին ժամը փոփոխութեան ենթարկուած է:
Մանարայի դաշտին վրայ այսօր` հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ռիատի Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ մրցումը, որ սկզբունքով պիտի սկսէր ժամը 19:30-ին, այժմ նոր ժամանակով պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: