Անսու Ֆաթի Վնասուածք Ստացաւ
Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջազգային միջնապահ Անսու Ֆաթի վնասուածք ստանալով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Պարսայի մամլոյ քարտուղարութիւնը ճշգրիտ ժամանակ չտուաւ, թէ ան որքանո՛վ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 18 տարեկան Ֆաթի, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ 6 մրցումի, երէկ իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Ռայօ Վայեքանոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (11-րդ հանգրուան):




















