Ղազախական Ասթանայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան Ղազախստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ մէկ ամիսով կախակայուեցաւ (հոկտեմբեր 25-էն սկսեալ):
Նշենք, որ Բարսեղեան Քայրաթ-Ասթանա մրցումին վիրաւորական արարք մը կատարած էր Քայրաթի համակիրներուն նկատմամբ:
Իսկ Բարսեղեանի մարզիչը` ռուս Անտրէյ Թիխոնով, նոյն այս մրցումին բաւական անպատշաճ, ոչ մարզավայել եւ անարգալից վերաբերմունք ունենալուն պատճառով որակազրկուեցաւ երկու տարիով: