Երէկ` հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի վոլիպոլի տղոց Ա. դասակարգի 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան յայտագիրը, որուն մեկնարկը կը տրուի ուրբաթ, 12 նոյեմբերին:
Վերոնշեալ թուականին կը կատարուին հետեւեալ մրցումները.
Լիբանանեան բանակի հաւաքական-Ռիսալէ Սարաֆանտ, Շեպիպեթ Թաննուրին-Ամերիկեան դեսպանատուն եւ Զահրաա Մինա-Թալայեհ Տալհուն:
Իսկ շաբաթ, 13 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.
Անուար Ժըտէյտի-Ռիատի Քալամուն, Շեպիպեթ Պաուշրիէ-Ինաաշ Քանաթ եւ Ռիատի Մըթէյն-Ռիատի Մըշմըշ:
Նշենք, որ Սփիտ Պոլ Շեքքա Ա. հանգրուանին մրցում պիտի չկատարէ: