Հայաստանի յունահռոմէական ոճի երիտասարդական հաւաքականը վնասներ ունի աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ:
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 23 տարեկանէն վար հաւաքականի ըմբիշ, 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան փոխախոյեան, 67 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Սահակ Յովհաննիսեան պիտի բացակայի 1-7 նոյեմբերին Սերպիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութենէն:
Մետալի տիրանալու գլխաւոր թեկնածու Սահակ Յովհաննիսեան աշխարհի ախոյեանութեան մեկնելէն երեք օր առաջ ոտքի վնասուածք ստացաւ: