Երէկ` հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերին, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան տասը մրցումներ:
Հակառակ անոր որ Ռասըլ Ոեսթպրուք թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ), սակայն անոր կազմը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, 123-115 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օքլահոմա Սիթիի դաշտին վրայ:
Անոր խմբակից Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 30 կէտ:
Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ թէեւ նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Միլուոքի Պաքս 113-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Մինեսոթթա Վուլվզէն: