Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ներկայացուեցան Փեքինի ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն մետալները:
Անոնք կը կրեն «Թոնկ Զին» անուանումը, որ կը նշանակէ «Միասնութիւն, ամբողջութիւն»:
Մետալներուն ժապաւէնները պատրաստուած են կարմիր մետաքսէ, որ կը խորհրդանշէ երկրին գլխաւոր տօնը` չինական Նոր տարին:
Նշենք, որ 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-20 փետրուար 2022-ին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 95 երկիրներէ աւելի քան չորս հազար մարզիկներ, որոնք 7 մարզաձեւերու մէջ պիտի պայքարին 109 մետալի համար:



