Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լեվանթէ եւ Կեթաֆէ չյաջողեցան արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակները` 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Անոնք երկուքն ալ այս հանգրուանին իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ 41 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, միանգամայն երկու խումբեր չեն յաջողիր յաղթանակ արձանագրել:
Այս հակամրցանիշը հաստատուած էր 1980-1981 տարեշրջանին, երբ Սալամանքա եւ Ալմերիա ձախողած էին յաղթանակ արձանագրել:
Նշենք, որ այժմ Լեվանթէ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը, իսկ Կեթաֆէ 3 կէտով` վերջին դիրքը: