Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ 29-30 հոկտեմբերին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, նուիրուած` Քոթէ Մախարածէի յիշատակին:
Անիկա կազմակերպուած է Վրաստանի մարզական լրագրողներու ֆետերասիոնին կողմէ:
Այս մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ երկրորդ անգամ ըլլալով, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Վրաստանի, Հայաստանի, Լաթվիոյ, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի լրագրողներու հաւաքականները:
Խումբերը բաժնուած պիտի ըլլան երկու խմբակի:
Հայաստան եւ Ազրպէյճան մաս կը կազմեն տարբեր խմբակներու:
Անոնք իրարու դէմ յանդիման կրնան գալ միայն աւարտականին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը վերջերս երկրորդ դիրքը գրաւեց Տրուսքինինկայի անուանի ֆութպոլի մրցաշարքին: