Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Անիպալ Զահլէն:
Այս մրցումը աւարտեցաւ պէյրութեան կազմին յաղթանակով, որ այսպիսով, այս տարեշրջանին գծով իր դաշտին վրայ իր կատարած երկրորդ մրցումին պարտութիւն չկրեց:
Ռիատի, որ արձանագրեց 113-63 արդիւնքով յաղթանակ մը, ցարդ կրած է պարտութիւն մը` Տինամոյէն, մինչ պեքաայեան կազմը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Մրցումին քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 33-10, 21-16, 24-20 եւ 35-17:
Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ամիր Սէուտ (26 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քարիմ Զէյնուն` 23 կէտ: Անոնք երկուքը միասնաբար նշանակեցին 9 թրի փոյնթ:
Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ Հուփս կը հիւրընկալէ Տինամոն: