Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ դուրս մնաց Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ 1-16-րդ հանգրուանին գծով 5-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն:
Վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, գերմանացի Եուլիան Նակելսմանի կազմը Ա. կիսախաղին կը պարտուէր 3-0 արդիւնքով:
Մէօնշընկլատպախի առաջին կոլը 2-րդ վայրկեանին նշանակեց Քուատիօ Քոնէ, մինչ Ռամի Պենսեպայնի եւ Պրիլ Էմպոլօ տուպլէ իրագործեցին:
Պենսեպայնի իր երկրորդ կոլը նշանակեց փենալթիով: