Մարզական

Մեսսի Պարսելոնա  Վերադառնալու Փափաք Ունի

Մեսսի Պարսելոնա Վերադառնալու Փափաք Ունի

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ օրին մէկը Պարսելոնա վերադառնալու փափաք ունի: «Միշտ ալ ըսած եմ, որ օրին մէկը կ՛ուզեմ վերադառնալ Պարսելոնա` ստանձնելով թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը: Ասիկա Պարսելոնայի հե՞տ պիտի ըլլայ, թէ՞ այլ ակումբի մը հետ, չեմ գիտեր: Կ՛ուզեմ ամէն գնով իմ ներդրումս ունենալ իմ շատ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երրորդ  Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ գտնուող իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ Շանվիլի յաղթանակով` 95-47 արդիւնքով (16-11, 23-5, 34-14 եւ 22-17): Մինչ Շանվիլ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), անդին ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իպրահիմ Հատտատ (25 կէտ), մինչ...

Թեքուանտօ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց  «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիր

Թեքուանտօ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիր

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, ուր հետեւեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց եւ աղջկանց կատարած փորձերուն: Նշենք, որ վերջերս ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը եւս միացաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին: Հապիպ Զարիֆէն դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Հրայր Սեդոյեան եւ մարզիչ Համբիկ Սուսանի, որոնք անդրադարձան համալիրին մէջ կատարուող փորձերուն: Զարիֆէ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ին` յոյս յայտնելով, որ մարզիկները շուտով...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Մարիանա Սահակեան` Լիբանանի 2021 Տարուան Ախոյեան

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Մարիանա Սահակեան` Լիբանանի 2021 Տարուան Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին Լիբանանի 2021 տարուան ախոյեան հանդիսացաւ Մարիանա Սահակեան (Անդրանիկ Պէյրութ)` աւարտականի մրցումին 4-0 արդիւնքով յաղթելով իր խմբակիցին` Թալիա Ազարին: Այսպիսով, Սահակեան 11-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներուն:    

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն Յովհաննէս Բաչքով Ապահովեց  Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն Յովհաննէս Բաչքով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, երէկ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Հայրենի 28 տարեկան մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 63,5 քկ դասակարգի մրցումներուն, 1-8-րդ հանգրուանին իր յաղթանակը արձանագրեց իտալացի Ճիանլուիճի Մալանկայի դէմ` 3-2...

ՖԻՏԷ.  Լեւոն Արոնեան Բարելաւեց Իր Դիրքը Միջազգային Դասաւորման Մէջ

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Բարելաւեց Իր Դիրքը Միջազգային Դասաւորման Մէջ

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան բարելաւեց իր դիրքը ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) կողմէ երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ: Արոնեան, որ նախորդ ամիս կը գրաւէր 5-րդ դիրքը, այժմ կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ Արոնեան ցարդ կը ներկայացնէ Հայաստանը: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 75-րդ դիրքին վրայ, մինչ Հրանդ Մելքումեան` 99-րդ դիրքին վրայ: Յառաջատարն է աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս...

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի  Միջազգային Մրցաշարք.  Պետրոսեան Եւ Սարգսեան Յառաջատարներէն  Ետ Կը Մնան Կէսական Կէտով

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի Միջազգային Մրցաշարք. Պետրոսեան Եւ Սարգսեան Յառաջատարներէն Ետ Կը Մնան Կէսական Կէտով

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներ Մանուէլ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ճատրակի «Կրանտ Սուիս»-ի միջազգային մրցաշարքին, իրենց արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներուն շնորհիւ յառաջատարներէն ետ կը մնան կէսական կէտով: Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող վերոնշեալ մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, անոնք երկուքը ապահոված են 3,5-ական կէտ: Յառաջատարները ունին 4-ական կէտ: Լեւոն Արոնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան ապահոված են...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ Յաղթեց Արարատ-Արմենիային  Եւ Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Յաղթեց Արարատ-Արմենիային Եւ Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ, որ հիւրը եղաւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Արարատ-Արմենիային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Փիւնիկ իր առաջին կոլը նշանակեց 19-րդ վայրկեանին` շնորհիւ վենեզուելացի Խոսէ Քարապալիոյի, մինչ 57-րդ վայրկեանին 22 տարեկան միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեան արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ) հիւրընկալ կազմը նշանակեց իր ուշացած կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փիւնիկ բարձրացաւ...

«Քալչիօ».  Ա. Սէ. Միլան Վերջ Դրաւ Ա. Էս. Ռոմայի  Անպարտելիութեան Շարքին` Հռոմի Մէջ

«Քալչիօ». Ա. Սէ. Միլան Վերջ Դրաւ Ա. Էս. Ռոմայի Անպարտելիութեան Շարքին` Հռոմի Մէջ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան, որ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ա. Էս. Ռոմայի, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, անիկա եկաւ վերջ դնելու փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին անպարտելիութեան. Մուրինիոյի հետ հռոմեան կազմը իր դաշտին վրայ ախոյեանութեան գծով չէր պարտուած: Նշենք, որ Մուրինիօ մինչեւ այս հանդիպումը յաջորդաբար 43 մրցումի ընթացքին չէր պարտուած իր...

Թոպոլ Հանդիսացաւ Ղազախստանի  Ֆութպոլի Ախոյեան

Թոպոլ Հանդիսացաւ Ղազախստանի Ֆութպոլի Ախոյեան

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Թոպոլ, որ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին: Անիկա ապահովելով 61 կէտ, չորս կէտով գերազանցեց Տիգրան Բարսեղեանի Ասթանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Իսկ երրորդ դիրքը 51 կէտով գրաւեց Քայրաթ, որուն մաս կը կազմէ Կամօ Յովհաննիսեան: Քայսար եւ Ժեթիսու փոխադրուեցան Բ. դասակարգ, մինչ Աքսու եւ Մախթարալ բարձրացան Ա. դասակարգ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ-ՀՄԸՄ. Սաժես Եւ Պէյրութ Յաղթական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ-ՀՄԸՄ. Սաժես Եւ Պէյրութ Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Տիք Մըհտիի մէջ գտնուող իր դաշտին վրայ, Շանվիլ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Հիւրընկալ կազմը ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է: ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պէտք է ընէ այսօր` արձանագրելու համար տարեշրջանի...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Բաչքով Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Բաչքով Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքով, տպաւորիչ յաղթանակով մը ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը, Սերպիոյ մայրաքաղաք` Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան գծով: Հայրենի կռփամարտիկը իր յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի Մալիք Հասանովի դէմ` 3-1 արդիւնքով: 1-8-րդ հանգրուանին Բաչքով իր դէմ պիտի ունենայ իտալացի Ճիանլուիճի Մալանկան:    

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալաշկերտ Յաղթեց Վանին

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Յաղթեց Վանին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ախոյեան Ալաշկերտ, որ Չարենցաւանի մէջ հիւրը եղաւ Վանին, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալաշկերտ, որ ցարդ կատարած է 10 մրցում, ապահովելով տարեշրջանի իր 10-րդ կէտը, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը: Իսկ Վան, որ կատարած է 12 մրցում, 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը:...

«Փրեմիեր Լիկ».  Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ` 0-3

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ` 0-3

  Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան (Փրեմիեր Լիկ») 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Թոթենհամին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (39-րդ), Էտինսոն Քաւանի (64-րդ) եւ Մարքուս Ռեշֆորտ (86-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Օլէ Կունար Սոլսքիարի կազմը կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 17 կէտ: Չելսի...

«Լա Լիկա». Մատրիտեան Քաղաքի Երկու Խումբերը` Յաղթական. Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Ալաւեսին

«Լա Լիկա». Մատրիտեան Քաղաքի Երկու Խումբերը` Յաղթական. Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Ալաւեսին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մատրիտեան քաղաքի երկու խումբերը յաղթանակ արձանագրեցին: Աթլեթիքօ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ռէալ Պեթիսի, մինչ Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էլչէի դաշտէն: Իսկ Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ալաւեսը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Այս մրցումին 41-րդ վայրկեանին Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ փոխարինուեցաւ պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիոյով`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տինամօ Արձանագրեց Իր Երրորդ  Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 հոկտեմբերին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-Տինամօ ճակատումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Տինամոյի յաղթանակով, 58-50 արդիւնքով (24-19, 7-13, 7-12 եւ 12-14): Մինչ Տինամօ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, անդին միայն յաղթանակ մը արձանագրած Հուփս կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: Տինամոյի եւ մրցումին ամէնէն շատ...

Լիբանանի 14 Տարեկանէն  Վար Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Մըթայլեպի Տղաքը Եւ Ռիատի Պէյրութի  Աղջիկները Հանդիսացան Ախոյեան

Լիբանանի 14 Տարեկանէն Վար Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Մըթայլեպի Տղաքը Եւ Ռիատի Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իրենց աւարտին հասան Լիբանանի 14 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ կատարուեցան աւարտականի մրցումները` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի, այլ անդամներու եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներու: Տղոց աւարտական մրցումին, Մըթայլեպ 76-70 արդիւնքով յաղթեց Սքուատրային, մինչ աղջկանց աւարտականին, Ռիատի Պէյրութ իր յաղթանակը արձանագրեց Հուփսի դէմ` 52-50 արդիւնքով: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:...

Արմէն Մելիքբէկեան Հանդիպեցաւ  Արթուր Աբրահամի Հետ

Արմէն Մելիքբէկեան Հանդիպեցաւ Արթուր Աբրահամի Հետ

Աշխարհահռչակ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ երէկ այցելեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Աբրահամ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Արմէն Մելիքբէկեան քննարկեցին համագործակցութեան ապագայ ծրագիրներ, մասնաւորաբար Ներքին Չարբախի մէջ Արթուր Աբրահամի կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ: Հանդիպումին աւարտին, ֆետերասիոնին նախագահը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անուանական մարզաշապիկը նուիրեց Արթուր Աբրահամին:

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի  Միջազգային Մրցաշարք.  Արոնեան, Յովհաննիսեան  Եւ Դանիէլեան` Յաղթական

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի Միջազգային Մրցաշարք. Արոնեան, Յովհաննիսեան Եւ Դանիէլեան` Յաղթական

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները կը շարունակեն իրենց ելոյթները Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Բ. հանգրուանի հանդիպումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին Լեւոն Արոնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, մինչ Մանուէլ Պետրոսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Էլինա Դանիէլեան յաղթեց, մինչ Աննա Սարգսեան պարտութիւն կրեց: Մրցաշարքը,...

«Էն. Պի. Էյ. »  Ուորիըրզ Եւ Պուլզ Կրեցին Տարեշրջանի  Իրենց Առաջին Պարտութիւնը.  Ճեզ` Անպարտելի Միակ Կազմը

«Էն. Պի. Էյ. » Ուորիըրզ Եւ Պուլզ Կրեցին Տարեշրջանի Իրենց Առաջին Պարտութիւնը. Ճեզ` Անպարտելի Միակ Կազմը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան վեց մրցումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Շիքակօ Պուլզ, որոնք իրենց մրցումները կատարեցին իրենց դաշտերուն վրայ, կրեցին տարեշրջանի իրենց առաջին պարտութիւնը: Ուորիըրզ իր պարտութիւնը կրեց Մեմֆիս Կրիզլիզէն` 104-101 արդիւնքով, մինչ Պուլզ` Նիւ Եորք Նիքսէն, կէտի մը տարբերութեամբ միայն, 104-103 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 36 կէտ, իսկ Պուլզէն Զեք Լավին` 25...

Page 451 of 1280 1 … 450 451 452 … 1,280

Արխիւներ