Հայաստանի ճատրակի շարք մը ներկայացուցիչներ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Կրան Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Աննա Սարգսեան ունեցան յաղթական մեկնարկներ:
Իրենց հանդիպումները հաւասարութեամբ աւարտեցին Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Իսկ Հայկ Մարտիրոսեան եւ Էլինա Դանիէլեան իրենց մրցումները աւարտեցին պարտութեամբ:
Նշենք, որ տղոց եւ աղջկանց մրցաշարքերուն տիտղոսակիրները իրաւունք կը ստանան իրենց մասնակցութիւնը բերելու աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: