Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ նետերլանտցի Ռոնալտ Քէօմանը` անոր արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
«Քլասիքօ»-ի մրցումին Ռէալ Մատրիտէն կրած պարտութենէն ետք (2-1), Պարսելոնա նախանցեալ օր կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` Ռայօ Վայեքանոյէն (1-0):
Պարսայի ղեկավարութիւնը այս վերջին պարտութենէն ետք գումարեց արտակարգ նիստ մը` որոշելով պաշտօնազրկել Քէօմանը:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա 58 տարեկան Քէօմանը պաշտօնազրկելու համար ստիպուած պիտի ըլլայ վճարել 12 միլիոն եւրօ` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ան քաթալոնական խումբին մարզիչ նշանակուած էր օգոստոս 2020-ին:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 11-րդ հանգրուանէն ետք Պարսելոնա 15 կէտով կը գրաւէ ոչ համոզիչ 9-րդ դիրքը:
Ակումբի երկրորդ խումբի մարզիչ 49 տարեկան քաթալոնիացի Սերճի Պարխուան նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար:
Պարխուան, որ Պարսելոնայի սան է, իբրեւ ֆութպոլիստ ակումբին մաս կազմած է 1992-2002 թուականներուն: