Երէկ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 106-98 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 23 կէտ:
Ուորիըրզի նման չորս յաղթանակ արձանագրած է նաեւ Շիքակօ Պուլզ, որ իր կարգին ցարդ անպարտելի է:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 125-121 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 35 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք 33 կէտ: Անոնց խմբակից Լեպրոն Ճէյմս մրցումին չմասնակցեցաւ:
Նշենք, որ Լէյքըրզ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն: