Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Չաւիի գլխաւորած կազմին` Սատի յաղթարշաւը շարունակուեցաւ Քաթարի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով:
7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սատ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ըմ Սալալին, իր ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` յաջորդաբար 34-րդ մրցումն ըլլալով մնալով անպարտելի:
Անոր կազմը մարտ 2020-էն ի վեր պարտութիւն չէ կրած (30 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն):
Երկրին մրցանիշն է 41 մրցում` առանց պարտութեան: