Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի դուստրերը յայտարարեցին, որ ներկայ պիտի չգտնուին իրենց հօր յիշատակին տեղի ունենալիք մրցումին, որ պիտի կատարուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ, 14 դեկտեմբերին:
Մարատոնայի մահուան Ա. տարելիցին առիթով այս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզը եւ սպանական Պարսելոնան: Անոնք իրարու դէմ պիտի մրցին «Մարատոնայի բաժակ» մրցաշարքի անուան տակ կատարուելիք մրցումին ընթացքին:
Մարատոնային դուստրերը` Տալմա եւ Ճանինա, խստօրէն քննադատեցին այս միջոցառումը կատարող փաստաբանը` ըսելով, որ ան կը փորձէ Մարատոնայի անունով վաճառականութիւն կատարել:
60 տարեկանին մահացած Տիեկօ Մարատոնա 1981-1982 եւ 1995-1997 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Պոքա Ժունիորզին, իսկ 1982-էն 1984` Պարսելոնային: