Թենիս. Ալեքս Քոռեթխա Կը Շեշտէ, Թէ Ալքարասի Մակարդակը Մտահոգիչ Չէ
Սպանացի նախկին թենիսմեն Ալեքս Քոռեթխա, որ 2 անգամ Ռոլան Կարոսի աւարտականին հասած էր (1998 եւ 2001) եւ աշխարհի թիւ 2 դիրքն ալ գրաւած 1999-ին, յայտնեց, թէ այժմու թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարասի վերջին պարտութիւնները, ոչ մէկ նշանակութիւն ունին, եւ ան շատ լաւ տարի մը կը բոլորէ: Նշենք, որ Ալքարաս, որ ամէն գնով կը փորձէ տարին աւարտել թիւ 1 դիրքին վրայ,...




















