Քենիացի Քելվին Քիփթըմ մարաթոնի տղոց նոր մրցանիշ մը հաստատեց Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած մարաթոնին` դառնալով առաջին անձը, որ կ՛արձանագրէ 2 ժամ 1 վայրկեանէն նուազ ժամանակով 2 ժամ եւ 35 երկվայրկեան:
23 տարեկան Քիփթըմ, որ իր 3-րդ պաշտօնական մարաթոնի մրցումին կը մասնակցէր, 34 երկվայրկեանով բարելաւեց նախկին մրցանիշը, որ կը պատկանէր իր ազգակից Էլիուտ Քիփչոկէի:
Ան մրցումը աւարտեց ամէնէն մօտ մրցակիցին վրայ մօտ երեքուկէս վայրկեանի առաւելութիւն մը ունենալով: Քենիացի Պենսըն Քիփրութ գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ 3-րդ դիրքը գրաւեց պելճիքացի Պաշի Ապարի: