Թեւեզ. «Պիտի Չերկարաձգեմ Պայմանագրութիւնս Եուվենթուսի Հետ»
Արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ չի պատրաստուիր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու իր ակումբին` Եուվենթուսի հետ: Ան ըսաւ, որ պիտի յարգէ մինչեւ 2016 իր ստորագրած պայմանագրութիւնը, սակայն զայն երկարաձգելու նպատակ չունի:
