Արսենալի եւ Անգլիոյ ազգային խումբի աստղերէն Պուքայօ Սաքա պիտի բացակայի ազգային խումբի խաղերէն, յայտնեց Միքել Արթեթա:
Արսենալի սպանացի մարզիչ Միքել Արթեթա յայտնեց, որ Սաքա ծունկի երեսի մկանը վիրաւորած է, եւ այդ պատճառով ալ բացակայած` Մանչեսթըր Սիթիի դէմ մրցումէն: «Ո՛չ, չի կրնար խաղալ. Փորձի չէ մասնակցած քանի մը օրէ. յարմար չէ ֆութպոլ խաղալու այժմ», ըսաւ Արթեթա:
Նշենք, որ Սաքա Լանսի դէմ («Չեմփիընզ լիկ») մրցումէն կաղալով դուրս եկած էր դաշտէն Ա. կիսախաղին:
Անգլիա ուրբաթ օր բարեկամական մրցում մը ունի կատարելիք Աւստրալիոյ դէմ, իսկ 4 օր ետք Իտալիոյ դէմ` Եւրօ 2024-ի զտումի մրցումներու ծիրին մէջ: