Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կռփամարտ. «Աղջկանց Կռփամարտերը Պէտք Է Ըլլան Տղոց Նման 12 Ռաունտով» Կ՛ըսէ Սերրանօ

Հոկտեմբեր 12, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աղջիկ կռփամարատիկները պէտք է առիթ ունենան ընտրելու 12 ռաունտով մրցումներ տղոց նման», ըսաւ փետուրի կշիռի (57 քկ) աշխարհի աղջկանց ախոյեան Ամանտա Սերրանօ` իրեն հետ ունենալով 20-է աւելի նախկին եւ այժմու կռփամարտիկներ:

Աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան առաւելագոյնը 10 ռաունտով, 2 վայրկեան տեւողութեամբ:

Սերրանօ (Փուերթօ Ռիքօ) կը մտադրէ 12 ռաունտով եւ 3 վայրկեան տեւողութեամբ տիտղոսի մրցում մը ունենալ այս ամսուան վերջը` Տանիլա Ռամոսի դէմ, Օրլանտոյի մէջ (Ֆլորիտա): Մրցումը կազմակերպող մարմինը (Է. Վի. Փի.) յայտնեց, թէ մրցումը վաւերացուած է WBO-ի (Ուորլտ պոքսինկ օրկընայզէյշըն), WBA-ի (Ուորլտ պոքսինկ Էսոսիէյշըն) եւ IBF-ի (Ինթըրնաշընըլ պոքսինկ ֆետերէյշըն) կողմէ:

Սքայ սփորթս յայտարարեց, թէ այս մրցումը պիտի ըլլայ պատմութեան առաջինը` տղոց օրէնքներով:

Կռփամարտիկներու յայտարարութիւնը կ՛ըսէ. «Մենք միասին ենք պահանջելու այն ընտրանքը, որ կարող ենք մրցիլ եւ կատարելագործուիլ նոյն մակարդակով, նոյն օրէնքներով, ինչպէս տղաքը կը մրցին արհեստավարժ կռփամարտի մէջ: Մենք շահեցանք այդ ընտրանքի իրաւունքը` 3 վայրկեան ռաունտով եւ 12 ռաունտ տեւող տիտղոսի մրցումներուն ցուցաբերելու մեր ուժը եւ կարողութիւնը»:

Յայտարարութեան համաձայն էին նաեւ Լայլա Ալի, Բրիտանիոյ 2 կշիռի ախոյեան Նաթաշա Ճոնըս եւ նախապէս կռփամարտիկ, այժմ Եու. Էֆ. Ա.-ի մարզիկ Հոլի Հոլմ:

«Աղջիկ կռփամարտիկներ կը մասնակցին «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն, 5 վայրկեան ռաունտով, տղոց նման: Նոյնիսկ առանց ձեռնոցներու, աղջիկներ եւ տղաք կը մրցին նոյն օրէնքներով», աւելցուց Սերրանօ:

Անցեալ տարի Սերրանօ եղաւ կռփամարտի պատմական ելոյթի մը մէկ մասը, երբ մրցումի մը ընթացքին ինք եւ իրլանտացի Քէյթի Թէյլըր դարձան պատմութեան առաջին աղջիկ կռփամարտիկները, որոնք կը մրցին աշխարհահռչակ «Մետիսըն Սքուեր Կարտընի» (Նիւ Եորք) մէջ: Այդ օր Թէյլըր իրաւարարներու որոշումով (կէտերով) յաղթած էր Սերրանոյի:

 

 

Նախորդը

«Էֆ. Այ. Էյ.»-ի Նախագահ Պըն Սուլէյըմ Կ՛ուզէ Աւելի Խումբեր Եւ Աւելի Նուազ Մրցումներ

Յաջորդը

Փեթրաքով. «Դժուար Խաղ Կը Սպասէ Մեզ»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?