Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Նատալ Պիտի Մասնակցի Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքին

October 12, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Քրէյկ Թայլիի, սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ պիտի մասնակցի 2024-ի կրան շլեմի առաջին մրցաշարքին:

Ռաֆայէլ Նատալ, որ անցեալ յունուարին նոյն մրցաշարքի Բ. հանգրուանին վիրաւորուած եւ դուրս մնացած էր, վիրաբուժութեան ենթարկուած էր իր մէջքի մէկ մկանը բուժելու:

Սպանացի նախկին թիւ 1 թենիսմեն Նատալ, որ 22 կրան շլեմի տիտղոսներ ունի, յունիսին վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ սկզբունքով 5 ամիսէն պէտք էր վերադառնար դաշտ, սակայն 37 տարեկան Նատալ տակաւին ապաքինած չէ եւ կը պատրաստուի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին:

«Կապի մէջ էինք Ռաֆայէլ Նատալի հետ, որ գրեթէ ամբողջ տարի մը չմասնակցեցաւ որեւէ մրցաշարքի: Ան հաստատեց, որ պիտի վերադառնայ: Շատ ուրախ ենք 2022-ի ախոյեանի վերադարձով», ըսաւ Թայլի:

Ան աւելցուց, որ աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսն ալ կրնայ վերադառնալ, մանաւանդ որ ան ալ գրեթէ 2023 տարին անցուցած էր վիրաւոր եւ ծունկի վիրաբուժութեան ալ ենթարկուած էր անցեալ յունուարին:

«Գիտենք, որ Նիք փորձեր կ՛ընէ, եւ կ՛ուզէ վերադառնալ. ուրեմն հաւանական է, որ ինք ալ մասնակցի», աւելցուց Թայլի:

Հաւանական է, որ Նատալ իր վերջին տարին բոլորէ 2024-ին, որմէ ետք կ՛ուզէ լքել թենիսը, մանաւանդ որ քանի մը տարիէ ի վեր ան շատ կը վիրաւորուի, բան մը, որ իրեն կը ստիպէ երկար ժամանակ հեռու մնալ թենիսի դաշտերէն: Ան այժմ 240-րդ դասուած է, բայց վերադառնալու պարագային իրաւունք ունի մեծ մրցաշարքերու «հրաւէրով» մասնակցիլ, որովհետեւ ան ձեւով մը «պաշտպանուած է» եւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով է, որ հեռու է դաշտերէն:

Իր բացակայութեան, սերպ Նովաք Ճոքովիչ կրան շլեմի մրցանիշը հասցուց 24-ի: Նատալ, որ 2 անգամ շահած է Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը, (վերջինը` 2022-ին) ռուս Մետվետեւին յաղթած էր վերջին աւարտականին` դառնալով առաջին թենիսմենը, որ 2 սեթ կորսնցնելէ ետք կը վերադառնայ (մրցումին մէջ) եւ յաջորդական 3 սեթեր յաղթելով կը շահի իր վերջին տիտղոսը:

Նախորդը

Փեթրաքով. «Դժուար Խաղ Կը Սպասէ Մեզ»

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Խումբը Կը Պատրաստուի

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.