Ա. Սէ. Միլանի անդամներ տակաւին փնտռելու մթնոլորտին մէջ են մարզիկի մը, որ թէ՛ յարմար գինով ըլլայ, թէ՛ երիտասարդ ըլլայ եւ թէ՛ յարձակողական գիծին օգնող: Բնականաբար քանի մը մարզիկներ իբրեւ Սան Սիրօ (Միլանի դաշտը) գալու թեկնածու: Այժմ նոր անուն մը կայ հորիզոնին վրայ: Այս անունը մեր հայրենի աստղ Էդուարդ Սփերձեանն է: Յարձակող միջնապահ Սփերձեան վերջերս բազմաթիւ իտալական ակումբներու հետաքրքրութիւնը գրաւած է: Վերջին ամիսներուն, ռուսական Կրասնոտար ակումբի մարզիկ Սփերձեան, որ ազգային խումբին հետ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ, Ա. Սէ. Միլանէն բացի գրաւած է նաեւ Ֆիորենթինայի, Ինթեր Միլանի եւ Եուվենթուսի ուշադրութիւնը:
Էդուարդ Սփերձեան 23 տարեկան է: Ան մաս կը կազմէ Տի. Էյ. Էյ. Սթելլըր գործակալութեան (որ ֆութպոլիստներու փոխանցումներու գործողութիւններով կը զբաղի), որ արդէն կը գործակցի Միլանի Ռուպըն Լոֆթըս-Չիքի եւ Փիեռ Քալուլուի հետ: Սփերձեանի պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2026-ի ամառը: Այս եղանակին, 13 մրցումի ընթացքին ան նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ (կոլի փոխանցում):