Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եւրօ 2024) զտումի մրցումներուն գծով պիտի հիւրընկալէ Սկովտիան հինգշաբթի օր, իր կազմին մէջ առաւ Անսու Ֆաթին (Պրայթըն) եւ Պրայըն Սարակոսան (Կրանատա)` փոխարինելու համար Վիարէալի յառաջապահ Երեմի Փինոն, որ վիրաւորուեցաւ Լաս Փալմասի դէմ մրցումին:
Սարակոսա (22 տարեկան), որ Կրանատայի հետ 2 կոլ նշանակեց անցեալ կիրակի Պարսելոնայի դէմ (2-0) մրցումին, առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուի ազգային խումբ:
«Պարսելոնայի մարզիկները շնորհաւորեցին զիս մրցումի աւարտին եւ մրցումի կէսերուն առաջարկեցին քիչ մը քիչ վազել», ըսաւ Սարակոսա ծիծաղելով:
Պրայթընի յառաջապահ Ֆաթի, որ փոխ տրուած է Պարսելոնայի կողմէ, նախապէս նկատի չէր առնուած մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէի կողմէ, զտումի նախկին մրցումներուն: Ան վերջին անգամ Սպանիոյ շապիկը հագած էր` յունիսին` «Նէյշընզ լիկ»-ի աւարտականին, ուր Սպանիա յաղթած էր Խրուաթիոյ (փենալթիներով): Ան փոխարինած էր Երեմի Փինոն:
Ինչպէս նշեցինք, հինգշաբթի օր Սպանիա, որ Ա. խմբակի 2-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Սկովտիան: Կիրակի օր ալ «Լա Ռոխա»-ն (կարմիրը), որ Սպանիոյ ազգային խումբի ծածկանունն է, կը մեկնի 3-րդ դիրքը գրաւող Նորվեկիոյ դաշտը: