Մարզական

Ռոտրիկօ Չի Նախընտրեր Խաղալ Իբրեւ Յառաջապահ»

Ռոտրիկօ Չի Նախընտրեր Խաղալ Իբրեւ Յառաջապահ»

Պրազիլցի ֆութպոլիստ Ռոտրիկօ շատ գոհ չէ, երբ Ռէալ Մատրիտի հետ խաղայ «թիւ 9» յառաջապահի դիրքին վրայ, բայց գիտէ նաեւ, որ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի այլ ընտրանք չունի: Քարիմ Պենզեմայի հեռանալէն ետք, թիւ 9 դիրքին վրայ մարզիկ չունեցող Ռէալ ստիպուեցաւ Ռոտրիկոն աջ կողմէն կեդրոն բերել իբրեւ կեդրոնի յառաջապահ: Ան նախապէս 4-3-3 խաղաձեւի աջ կողմի յառաջապահ կամ ուինկ կը խաղար, բայց երբ Անչելոթթի...

Նակըլզմանի Առաջին Յաղթանակը

Նակըլզմանի Առաջին Յաղթանակը

Գերմանիոյ ազգային խումբի երիտասարդ մարզիչ Եուլիան Նակըլզման (36 տարեկան), որ իր առաջին մրցումը ունեցաւ` փոխարինելէ ետք Հանս Տիթըր Ֆլիքը, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու դէմ մրցումին` Իսթ Հաթֆորտի մէջ: Քրիսթիան Փուլիշիչ նշանակեց Ամերիկայի եւ մրցումին առաջին կոլը, Կիւնտողան, Ֆիւլքրուկ եւ Մուսիալա նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը: Համեմատաբար աւելի յարձակողական ֆութպոլ կը խաղան Նակըլզմանի տղաքը, բայց յաջորդ խաղերուն աւելի յստակ կ՛ըլլայ,...

Պասքեթպոլ.  Նիւ Եորք Լիպըրթի Յաղթեց  3-րդ Մրցումին

Պասքեթպոլ. Նիւ Եորք Լիպըրթի Յաղթեց 3-րդ Մրցումին

Նիւ Եորք Լիպըրթի, որ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական առաջին երկու մրցումներուն շատ «դիւրին» ձեւով տեղի տուած էր Լաս Վեկաս Էյսըզի առջեւ, կրցաւ 87-73 արդիւնքով յաղթել 3-րդ ճակատումին եւ ստիպել 4-րդ մրցումի մը: «Պայքարեցանք եւ գտանք մեր ճիշդ դիմագիծը: Մենք շատ աւելի լաւ խումբ մըն ենք, քան ինչ որ էինք առաջին երկու մրցումներուն», ըսաւ Լիպըրթիի մարզիչ Սենտի Պրոնտելլօ: «Գիտէինք, որ...

Լեռնալիբանանի Ակադեմիաներու  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս 16 Տարեկանէն Վար` Ախոյեան  14 Տարեկանէն Վար` Փոխախոյեան

Լեռնալիբանանի Ակադեմիաներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 16 Տարեկանէն Վար` Ախոյեան 14 Տարեկանէն Վար` Փոխախոյեան

ՀՄԸՄ Անթիլիասի ֆութպոլի ակադեմիայի խումբերը մասնակցեցան Լեռնալիբանանի ակադեմիաներու ախոյեանութեան 16 տարեկանէն վար («Կիլիկիա») եւ 14 տարեկանէն վար («Արարատ») մրցաշարքերուն: 16 տարեկաններու աւարտականին Անթիլիասի տղաքը` «Կիլիկիա», 2-0 արդիւնքով յաղթեցին Աթլեթիքօ Տըպպայէի, այս վերջինին դաշտին վրայ, եւ դարձան ախոյեան: Առաջին կիսախաղին Աւօ Օտապաշեան փենալթիով նշանակեց Անթիլիասի առաջին կոլը, իսկ Բ. կիսախաղին Կի Խանճեան գլխու հարուածով աւելցուց եւ հաստատեց ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը: Այս ձեւով...

«Էն. Պի. Էյ.»  Որո՞նք Են «Էն. Պի. Էյ.»-ի Լաւագոյն 10 Դասուած Մարզիկները 2023-2024

«Էն. Պի. Էյ.» Որո՞նք Են «Էն. Պի. Էյ.»-ի Լաւագոյն 10 Դասուած Մարզիկները 2023-2024

Թիւ 10- Անթոնի Տէյվիս. Անցեալ տարեշրջանը Տէյվիսի համար վերածնունդի նշանակութիւն ունէր, երբ կրցաւ իր ասպարէզի ամէնէն լաւ կէտերու համեմատութիւնը նշանակել (56 առ հարիւր) եւ 12,5 ռիպաունտ միջին հաշուով: Եւ իբրեւ նուէր ստացաւ երկարաձգումի պայմանագրութիւն մը` 3 տարուան, 186 միլիոն տոլարով: 30 տարեկան Տէյվիս 2020-ին Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ շահելէ ետք «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, 2 յաջորդական տարեշրջաններ գրեթէ վիրաւոր ըլլալով...

Ռոնալտօ Եւ Նոր Մրցանիշ Մը

Ռոնալտօ Եւ Նոր Մրցանիշ Մը

Փորթուգալցի միջազգային ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը շարունակէ ֆութպոլ խաղալ եւ... մրցանիշներ արձանագրել: Արդարեւ, Ռոնալտօ, որ արդէն իսկ Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն ամէնէն շատ մասնակցող (183 խաղ), կոլեր նշանակող (140 կոլ) եւ էսիսթներ (42) կատարող մարզիկն էր, ազգային խումբին հետ ալ Եւրոպայի ախոյեանութեան ամէնէն շատ կոլերը նշանակած էր (14), Փորթուգալի հետ 125-րդ կոլը նշանակեց 202 միջազգային մրցումի ընթացքին: Փորթուգալ շաբաթավերջին 3-2...

Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն  Պէյրութ Շահեցաւ Բաժակը Սերժիօ Տարուիշ` «Էմ. Վի. Փի.»

Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն Պէյրութ Շահեցաւ Բաժակը Սերժիօ Տարուիշ` «Էմ. Վի. Փի.»

2023-ի արաբական պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Քաթարի մէջ 9 օրուան տեւողութեան վրայ, որուն աւարտին Լիբանանի 2022-ի ախոյեան Պէյրութ 86-75 արդիւնքով յաղթելով Մարոքի Սալէ խումբին, շահեցաւ ախոյեանութեան տիտղոսը: Կիսաւարտականին Պէյրութ 101-97 արդիւնքով շատ դժուար յաղթանակ մը տարած էր Քուէյթի Քուէյթ ակումբին վրայ, որ անցեալ տարուան ախոյեանն էր: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան մրցաշարքին, որ տեղի ունեցած էր Քուէյթի մէջ, նոյն հանգրուանին`...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահ Ինֆանթինօ Ցաւակցական Նամակ Կը Յղէ Պաղեստինի  Եւ Իսրայէլի Ֆետերասիոններուն

ՖԻՖԱ-ի Նախագահ Ինֆանթինօ Ցաւակցական Նամակ Կը Յղէ Պաղեստինի Եւ Իսրայէլի Ֆետերասիոններուն

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ նամակ մը յղեց Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն, յայտնելու իր խորին ցաւակցութիւնները` սոսկալի վայրագութիւններուն մէկ շաբթուան ընթացքին, որ աւելի քան 2,700 զոհ խլեց: Համասի մարտիկներ 1.300-է աւելի իսրայէլացի սպաննեցին շաբաթ օրուան յարձակումին: Ի պատասխան, իսրայէլեան ռմբակոծումներուն զոհ գացին 1400 պաղեստինցիներ Կազայի մէջ, ըստ աղբիւրներու: «Կ՛ուզեմ յայտնել... խորին ցաւակցութիւններս Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն. վերջին օրերուն տեղի...

Փեթրաքով. «Այս Մէկը  Իմ Պարտութիւնս Է»

Փեթրաքով. «Այս Մէկը Իմ Պարտութիւնս Է»

Եւրօ 2024-ի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լաթվիա-Հայաստան (2-0) մրցումէն ետք Հայաստանի ազգային խումբի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքով հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Կը շնորհաւորեմ մրցակիցի յաղթանակը: Կը կարծեմ, թէ ասիկա իմ մարզիչութեան պարտութիւնս է: Ես եմ պատասխանատուն պարտութեան: Առաւօտեան փորձի ժամանակ զգացի, թէ տղոց մօտ մթնոլորտը շատ հանգիստ էր: Կարծես շատերը կը մտածէին, թէ որովհետեւ դասաւորման մէջ մենք աւելի լաւ էինք, հանգիստ...

Թոնալի Եւ Զանիոլօ Լքեցին Իտալիոյ Ազգային Խումբը Եւ Ուղղուեցան Տուն

Թոնալի Եւ Զանիոլօ Լքեցին Իտալիոյ Ազգային Խումբը Եւ Ուղղուեցան Տուն

Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիկներ Սանտրօ Թոնալի եւ Նիքոլօ Զանիոլօ լքեցին Իտալիոյ ազգային խումբի գտնուած պանդոկը եւ ուղղուեցան տուն` որովհետեւ դատական հետաքննութիւն կը կատարուի իրենց հանդէպ: Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Թորինոյի մէկ դատարանը հետաքննութիւն կը կատարէ քանի մը ֆութպոլիստներու հետ` ապօրինի գրաւի (պեթինկ) հարցով: Քանի մը օր առաջ այլ ֆութպոլիստ մը` Եուվէի մարզիկ Նիքոլօ Ֆաճիոլի, կանչուած էր հարցաքննութեան, ապօրինի գրաւներ...

Ուիլշիր Կրնայ Մարզել  Ամերիկեան Ակումբ Մը

Ուիլշիր Կրնայ Մարզել Ամերիկեան Ակումբ Մը

Լոնտոնի Արսենալ ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Ճեք Ուիլշիր, բանակցութիւններ կը տանի ամերիկեան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Քոլորատօ Ռեփիտս խումբը մարզելու առնչութեամբ: Անգլիոյ ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ուիլշիր Արսենալի 18 տարեկանէն վար խումբի մարզիչն է այժմ: Քոլորատօ Ռեփիտս կը պատկանի Քրէօնքը Սփորթս եւ Ինթըրթէյնմընթ Կրուփս ընկերութիւններուն որոնց կը պատկանի նաեւ Արսենալը: Անցեալ ամիս ամերիկեան ակումբը, մարզիչ Ռոպին Ֆրէյզըրի հետ խզեց իր պայմանագրութիւնը, խումբին...

Հերի Քէյն Նոր Կը Սկսի…

Հերի Քէյն Նոր Կը Սկսի…

Ֆութպոլի աշխարհը տակնուվրայ եղաւ, երբ Անգլիոյ ազգային խումբի խմբապետ Հերի Քէյն միացաւ Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխի` լքելով Թոթենհամը, նկատի ունենալով, որ Քէյն 30 տարեկան է, շատերու կարծիքով` տարիք մը, ուր մարզիկ մը կը սկսի նահանջել: Սակայն Քէյն այլ կարծիք ունէր: «Կարծիք մը կայ մարզական աշխարհին կամ ֆութպոլին մէջ ընդհանրապէս, որ երբ 30 տարեկանին հասնիս, մարդիկ կը մտածեն, թէ վերջը մօտեցաւ:...

Ֆիլիփս Կրնայ «Փախուստ Տալ» Սիթիէն

Ֆիլիփս Կրնայ «Փախուստ Տալ» Սիթիէն

Պայերն Միւնիխի Քալվըն Ֆիլիփսին կրնայ առաջարկել փախուստի ճամբայ Մանչեսթըր Սիթիէն: Ըստ «Տը Սան»-ի, Պայերն ժամանակէ մը ի վեր կը հետեւի Ֆիլիփսի կացութեան եւ ձեւով մը կը փորձէ իր մօտ առնել զայն` յունուարի ձմեռնային փոխանցումներուն ժամանակ: «Գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխըլի ցանկին վրայ է Ֆիլիփսի անունը, մանաւանդ որ միջնապահ դիրքերը զօրացնելու մասին կը մտածէ ան: Գերմանիոյ «Կարմիրները» անցեալ յունուարին ալ նոյն ձեւով...

Պարսելոնայի Վիրաւորներու  Ցանկը Կ՛երկարի

Պարսելոնայի Վիրաւորներու Ցանկը Կ՛երկարի

Պարսելոնայի պաշտպանողական գիծի մարզիկներէն Ալեքս Պալտէ վիրաւորուեցաւ Սկովտիոյ դէմ մրցումին եւ փոխարինուեցաւ: 20 տարեկան Պալտէ, որ շատ լաւ մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէր վերջերս, վիրաւորեց իր սրունքի մկանը եւ միայն 10-12 օր հեռու պիտի մնայ դաշտերէն: Այս լուրը քիչ մը ուրախացուց Պարսելոնայի մարզիչ Չաւին, որ կը կարծէր, թէ աւելի լուրջ վնասուածք ունի Պալտէ: Պալտէ կրնայ պատրաստ ըլլալ «Քլասիքօ» խաղին` Ռէալ Մատրիտի...

Պարսելոնա Կը Ցանկայ  Ձեռք Բերել Վիրցը

Պարսելոնա Կը Ցանկայ Ձեռք Բերել Վիրցը

Սպանիոյ Պարսելոնա ակումբը իր կեդրոնացումը ուղղած է Գերմանիա` Պայեր Լեւերքուզըն ակումբի յարձակող միջնապահ Ֆլորիան Վիրցի վրայ: Վիրց, որ կը նկատուի Գերմանիոյ ապագայի տաղանդաւոր ֆութպոլիստներէն, 22 տարեկան է, եւ Քէօլնի հետ սկսելէ ետք 3 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Պայեր Լեւերքուզընի: Ան յարձակումներու օգնող միջնապահ մըն է, որ կրնայ ձախ կողմն ալ խաղալ, ունի յարձակողական հմտութիւններ եւ անընդհատ կը պայքարի...

Պելինկհամ` Լաւագո՞յնը

Պելինկհամ` Լաւագո՞յնը

Վերջերս շատ կը լսենք Անգլիոյ միջնապահ Ճուտ Պելինկհամի մասին, որ Ռէալ Մատրիտի միանալով 8 մրցումի ընթացքին 8 կոլ նշանակեց: Տորթմունտի աստղերէն էր ան, բայց Գերմանիոյ Պունտըսլիկան այնքան տարածուած չէ, որքան Ռէալ Մատրիտը կամ Պարսելոնան: Մէկ խօսքով Տորթմունտի անցեալի աստղը այնքան առիթ չունէր փայլելու, որքան Ռէալ Մատրիտի շապիկով: Վերջերս Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին աստղերէն Փոլ Սքոլզ յայտնեց, որ Պելինկհամ ուրիշ մակարդակի խաղացող...

«Երազս Է Աթլեթիքոյի Հետ Տիտղոս Շահիլ»  Կ՛ըսէ Մորաթա

«Երազս Է Աթլեթիքոյի Հետ Տիտղոս Շահիլ» Կ՛ըսէ Մորաթա

Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա յայտնեց, որ ամրան երկու անգամ երկարաձգեր է պայմանագրութիւնը ակումբին հետ: «Այս ամառ երկու անգամ երկարաձգեցի պայմանագիրս Աթլեթիքոյի հետ: Ես հեռանալու աւելի մօտ էի, բայց Սիմէոնէի հետ խօսելէ ետք հասկցայ, որ կարելի չէր ատիկա: Ես կ՛երազեմ Աթլեթիքոյի հետ տիտղոս շահիլ», ըսաւ ան: Ան 12 տարեկանին սկսած էր Աթլեթիքոյի հետ, բայց 2 տարի ետք փոխադրուած էր Կեթաֆէ,...

Չաւի Կ՛ուզէ Օլմոն

Չաւի Կ՛ուզէ Օլմոն

Տանի Օլմօ կը փափաքի հեռանալ Գերմանիոյ Լայփցիկէն եւ միանալ Պարսելոնային: Ըստ «Սփոթ Պիլտ»-ի, Օլմօ գրեթէ վստահ է, որ յաջորդ եղանակին կը միանայ Սպանիոյ Պարսելոնային: Նախապէս Պարսայի մարզիչ Չաւի տեսնուած էր Օլմոյի հետ եւ փորձած համոզել զինք, սակայն անցեալ ամառ ան երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը Լայփցիկի հետ` մինչեւ 2027: Իր փոխհատուցման գումարը 60-65 միլիոն եւրօ է, իսկ այժմ հարց կը դրուի,...

Եունայթըտ Կը Փորձէ Ձեռք Ձգել Ինասիոն

Եունայթըտ Կը Փորձէ Ձեռք Ձգել Ինասիոն

Մանչեսթըր Եունայթըտ կը մտածէ ձեռք ձգել փորթուգալցի Կոնսալօ Ինասիոն (Սփորթինկ), եթէ կրցաւ «ծախել» Հերի Մաքկուայըրը, մինչ կը սպասուի, որ բաւական տուժէ, երբ «ծախէ» նաեւ Ճէյտոն Սանչոն: Կլէյզըր ընտանիքը վերջապէս որոշած է ծախել իրենց բաժինը` Եունայթըտէն: Աւելի քան տարի մը առաջ կը սպասուէր, որ Կլէյզըր ընտանիքը խումբէն իր բաժինը ծախէ, որպէսզի ազատօրէն նոր մարզիկներ բերուին` խումբին պահանջները ամբողջացնելու: Այլ գետնի վրայ,...

Թիաու Դէպի Ռէա՞լ

Թիաու Դէպի Ռէա՞լ

Սպանիոյ ֆութպոլի պատմական ակումբներէն` Ռէալ Մատրիտ, Էտեր Միլիթառի եւ Տաւիտ Ալապայի ֆիզիքական հարցերը նկատի ունենալով կը փնտռէ պաշտպանողական գիծը զօրացնելու տարրեր: Ա. Սէ. Միլանի ֆութպոլիստ Մալիք Թիաու կը նկատուի իրեն յարմար պաշտպան մը, եւ կը մտածէ 20 միլիոն եւրօ առաջարկել ձմրան փոխանցումներու ժամանակ: Շալքէի հետ փայլած Թիաու ժամանակ չկորսնցուց եւ առաջին օրէն փայլեցաւ Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլանին հետ: Ան այս...

Page 249 of 1281 1 … 248 249 250 … 1,281

Արխիւներ