Եւրօ 2023-ի զտումի մրցումներուն գծով Լաթվիա-Հայաստան մրցումէն առաջ, Հայաստանի ազգային խումբի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը:
«Լաթվիոյ հաւաքականը վատ խումբ չէ: Անոնք պէտք չէ պարտուէին նոյնիսկ Թուրքիոյ դէմ մրցումին: Կը կարծեմ, որ շատ դժուար մրցում մը մեզ կը սպասէ Լաթվիոյ մէջ», ըսաւ Փեթրաքով:
Անդրադառնալով հաւաքականին նոր միացած Էտկար Սեւիկեանին` Փեթրաքով ըսաւ. «Տպաւորութիւններս լաւ են Էտկար Սեւիկեանէն: Լաւ տղայ է եւ կը հասկնայ իրմէ ինչ կը սպասուի: Ես բացատրեցի իրեն, որ հաւաքականի մրցումները քիչ մը տարբեր են ակումբի մրցումներէն»:
Փեթրաքով յայտնեց, որ Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր նպատակն է հասնիլ Եւրոպայի ախոյեանութեան:
«Մենք կը շարժինք խաղէն առաջ: Չենք նայիր դասաւորման աղիւսակին, բայց վաղը շատ կարեւոր խաղ կը սպասէ մեզի: Ամէն ինչ այս մրցումէն կախուած է», ըսաւ Փեթրասքով:
Նշենք, որ մրցումը Պէյրութի ժամանակացոյցով կը սկսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին: