Պրազիլի ազգային խումբի մարզիչ Թիթէ միացաւ Ֆլամենկոյի` պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ 2024-ի աւարտը:
Ռիօ տը Ժանէյրոյի ակումբը հաստատեց, որ Թիթէի պիտի միանայ նաեւ իր մարզիչներու խմբակը, որ նոյնպէս Պրազիլի ազգային խումբին հետ էր վերջին 6 տարիներուն:
62 տարեկան Թիթէ անգործ էր անցեալ դեկտեմբերէն, երբ Պրազիլ դուրս մնացած էր մոնտիալի քառորդ աւարտականի հանգրուանէն: Անոր առաջին մրցումը պիտի ըլլայ 18 հոկտեմբերին` Քրուզէյրոյի դէմ, Պրազիլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ: