Չելսի Կրէյ, Ճեքի Եանկ եւ Քելսի Փլամ միասնաբար 72 կէտ նշանակելով օգնեցին Լաս Վեկաս Էյսըզի յաղթանակին` Նիւ Եորք Լիպըրթիի դէմ, աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումներու առաջին ճակատումին:
Եանկ 5 հատ 3 կէտնոց նշանակեց եւ Փլամ 26 կէտեր նշանակեց, մինչ Կրէյ 20 կէտ եւ 9 էսիսթ նշանակեց: «3 կարտով խաղալը շատ հաճելի է», ըսաւ մարզիչ Պեքի Համոն, որուն խումբը` Էյսըզ 99-82 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ Նիւ Եորք Լիպըրթիի դէմ:
Այս տարուան «Էն. Վի. Փի.»-ն` Պրիանա Սթիուըրթ 21 կէտեր նշանակեց ի նպաստ Լիպըրթիի, իսկ Ճոնքըլ Ճոնզ` 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ: