Նիոնի մէջ Զուիցերիա, երէկ որոշուեցան 2028-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրները: Թեկնածուներէն Թուրքիա յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, եւ ինքնաբերաբար Մեծն Բրիտանիա, ինչպէս նաեւ Իրլանտայի Հանրապետութիւնը միասնաբար պիտի հիւրընկալեն Եւրօ 2028-ն:
Թուրքիա անցեալ շաբաթ միասնաբար Իտալիոյ հետ որոշած էր ներկայանալ իբրեւ 2032-ի Եւրոյի թեկնածու եւ յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը 2028-էն եւ ընդունեց հիւրընկալել 2032-ին` Իտալիոյ հետ:
Ուրեմն 2028-ին Անգլիա, Հիւսիսային Իրլանտա, Սկովտիա, Կալէս եւ Իրլանտայի հանրապետութիւն պիտի կազմակերպեն Եւրոն:
Եւրօ 2028-ն պիտի ըլլայ մեծագոյն մարզական իրադարձութիւնը, որ պիտի կազմակերպեն Մեծն Բրիտանիան եւ Իրլանտայի հանրապետութիւնը: 10 դաշտեր պիտի օգտագործուին այս մրցաշարքին, ինչպէս` Ուեմպլին (Լոնտոն), Կալէսի միջազգային մարզական աւանը (Քարտիֆ), Հեմփտըն Փարք (Կլասքօ) եւ Տապլինի Ավիւա մարզական աւանը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Տեպի Հիուեթ յայտնեց, որ տակաւին չէ որոշուած, թէ մրցումները ինչպէ՛ս պիտի բաժնուին, բացումը եւ այլն: Ուեմպլի, որ 90 հազար համակիրներ կրնայ «լեցնել», հաւանաբար աւարտականի մրցումը հիւրընկալէ: Նոյն դաշտը հիւրընկալած էր Եւրօ 2020-ի կիսաւարտական մրցումը, ուր Իտալիա յաղթեց Անգլիոյ` փենալթիներով: