Սպանացի նախկին թենիսմեն Ալեքս Քոռեթխա, որ 2 անգամ Ռոլան Կարոսի աւարտականին հասած էր (1998 եւ 2001) եւ աշխարհի թիւ 2 դիրքն ալ գրաւած 1999-ին, յայտնեց, թէ այժմու թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարասի վերջին պարտութիւնները, ոչ մէկ նշանակութիւն ունին, եւ ան շատ լաւ տարի մը կը բոլորէ:
Նշենք, որ Ալքարաս, որ ամէն գնով կը փորձէ տարին աւարտել թիւ 1 դիրքին վրայ, պարտութիւն մը կրեց Շանկհայի մասթըրզի մրցաշարքին` Կրիկոր Տիմիթրովի դէմ մրցումին:
Շաբաթ մը առաջ, Չինաստանի բաց մրցաշարքին, ան պարտուած էր Եանիք Սինըրէն: «Տարին 80 մրցում կատարել եւ 100 տոկոս յաղթանակ արձանագրելը անկարելի բան է», ըսաւ Քոռեթխա:
«Օր պիտի գայ, որ Ճոքովիչի նման Ալքարասն ալ պիտի ընտրէ, թէ ի՛նչ մրցաշարքերու պէտք է մասնակցի», աւելցուց սպանացի թենիսմենը: «Ամէն մրցաշարք, ամէն շաբաթ, ամէն մրցում նոր փորձառութիւն սորվիլ է Ալքարասի համար: Ան շատ լաւ տարի մը բոլորեց: Աւելի լաւ տարի մը գրեթէ անկարելի է»: