2 տարի բացակայելէ ետք միջազգային մրցաշարքերէ, ամերիկացի Սիմոն Պայլզ, որ մարմնամարզի (ճիմնասթիքս) պատմական մարզիկներէն է, վերադարձաւ մարմնամարզի աշխարհի գագաթը` շահելով նոր ոսկի մետալներ:
Նոյնիսկ երբ ան 21-րդ անգամ ըլլալով բարձրացած էր մետալներու փոտիումին վրայ, արցունքները չբաժնուեցան իրմէ մետալներու փառատօնին պահուն, Անթուերիի մէջ (Պելճիքա): Քաղաք մը, ուր 10 տարի առաջ ան մտած էր իր մետալներու շարանով 16 տարեկան հասակին:
Պայլզ նշանակեց 58.399 կէտ հաւասարակշռութեան ձողերու, գետնի, կամարի եւ անհաւասար ցիցերու մարզաձեւերուն` պարտութեան մատնելով պրազիլցի Ռեպեքա Անտրան (նախկին ախոյեան) 1.633 կէտի առաւելութեամբ: Պայլզի ազգակից Շայլիզ Ճոնզ պրոնզ մետալ շահեցաւ 56.332 կէտով:
2 տարի առաջ Թոքիոյի ողիմպիականին ան մեծ ճնշումի տակ էր: Ան քաշուեցաւ ողիմպիականէն` կեդրոնանալու հոգեկան իր հարցերու լուծման վրայ:
Այժմ Պայլզ 34 մետալ ունի աշխարհի եւ ողիմպիականի մրցաշարքերու գծով` զինք դարձնելով պատմութեան ամէնէն շատ մետալներ շահող աթլեթը (տղայ թէ աղջիկ), 2-րդ դիրքի վրայ է Պիելոռուս Վիթալի Շերպօ` 33 մետալով: