Ռէալ Մատրիտի եւ Չելսիի նախկին յարձակող ձախ միջնապահ (Ուինկ) Էտեն Հազարտ որոշեց լքել ֆութպոլը 32 տարեկան հասակին, 4 ամիս առաջ Ռէալ Մատրիտը լքելէ ետք:
Պելճիքայի ազգային խումբի աստղերէն Հազարտ 2019-ին միացած է Սպանիոյ Ռէալին 100 միլիոն եւրոյի փոխարէն, բայց յաճախ վիրաւորուելով եւ մակարդակի նուազումով ան կորսնցուց իր ինքնավստահութիւնը եւ իր կեանքի ամէնէն վատ օրերը անցուց Սպանիոյ մայրաքաղաքին կազմին հետ:
Հակառակ քիչ խաղալուն Ռէալի հետ, ան «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահեցաւ եւ երկու անգամ տիրացաւ «Լա լիկա»-ի տիտղոսներու:
«Պէտք է գիտնաս երբ հեռանալ ֆութպոլէն. 16 տարի ետք, ինչպէս նաեւ 700 մրցում կատարելէ ետք, ժամանակը հասած է հրաժեշտ տալու: Երազս իրականացաւ, ֆութպոլ խաղցայ աշխարհի ամէն կողմերը: Հիմա ժամանակը հասաւ հաճելի ժամեր անցընելու իմ սիրած անձերուս հետ», ըսաւ Հազարտ:
Ան Չելսիի միացած էր 2012-ին, Ֆրանսայի Լիլ ակումբէն, եւ լոնտոնեան կազմին հետ շահած էր «Եւրոփա լիկ»-ը 2013-ին եւ 2019-ին, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ ախոյեանութիւնը` 2015-ին եւ 2017-ին, Լիկայի եւ Էֆ. Ա.-ի բաժակը:
Ան Պելճիքայի ազգային խումբին հետ սկսած էր 2008-ին եւ 33 կոլ նշանակած էր 126 մրցումներու ընթացքին, 2018-ի մոնտիալին ալ 3-րդ դիրքը շահած էր, իսկ հրաժեշտ տուած էր ազգային խումբին 2022-ի մոնտիալի աւարտին, Քաթարի մէջ: