Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալաքեանի Զգայացունց Ելոյթը

Հոկտեմբեր 10, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբերի սկիզբը Լոզանի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցաւ մարզիկներու միացեալ ֆորում, ուր քննարկուեցան յառաջիկայ ողիմպիական խաղերու եւ մարզիկներու ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Ֆորումի աւարտին ՄՈԿ-ի (Միջազգային ողիմպիականի կոմիտէ) նախագահ Թոմաս Պախի հետ զրոյց տեղի ունեցաւ:

Ամէնէն զգայացունց ելոյթներէն մէկը ունեցաւ հայրենի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալաքեան` հարց հալով, թէ մարզանքը տակաւին կը միացնէ՞, թէ՞ կը բաժնէ երկիրները: Ինչո՞ւ հայ եւ ազրպէյճանցի մարզիկները մէկ գորգի վրայ իրար դէմ կրնան մրցիլ. բայց ուքրանացիները եւ ռուսերը` ոչ:

«Կ՛ուզեմ կարծիքս բաժնեկցիլ ձեզի հետ: Ինձի համար շատ դժուար է խօսիլ. անկեղծ ըլլալու համար, նոյնիսկ մտադրութիւն չունէի խօսելու: Բայց բոլոր քննարկումները լսելէ ետք չեմ կրնար ձեռքերս ծալած նստիլ ու լռել: Ես Հայաստանէն եմ, եւ իմ երկիրս պատերազմի մէջ է: 120 հազար հայ իր տունը եւ պատմական հողը ձգած է, մեր մօտ մեծ թիւով մարդիկ սպաննած են: Պաշտօնապէս մենք նոյնիսկ չենք գիտեր որքան, բայց չեմ ուզեր ձեզ վրդովել շատ խօսելով: Այս բաները ուզեցի ըսել եւ բաժնեկցիլ այլ երկիրներու գործընկերներու հետ, որպէսզի դուք հասկնաք, թէ որքա՛ն յստակ կը հասկնամ ես իրավիճակը: Ես կ՛ատեմ պատերազմը, այս բանը իմ հետս եղաւ, եւ ես գիտեմ, թէ ի՛նչ է այդ եւ կը զգամ մորթիս վրայ: Ինքնազուսպ ըլլալը շատ դժուար է: Կ՛ըսեն, թէ տղամարդիկ չեն լար, իսկ դուք չէք կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ կը զգամ: Կը փորձեմ ժպտալ, որպէսզի ցոյց չտամ, թէ ի՛նչ է իմ ներքին վիճակս: Շատ կը ցաւիմ, որ ես այդքան զօրաւոր կամ հռչակաւոր ըլլալուս, ոչինչ կրնամ ընել` դադրեցնելու Ազրպէյճանի հետ պատերազմը եւ օգնելու իր հայրենակիցներուն: Թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ փոխանցել բոլորիդ` ձեր երկիրներու շատ յայտնի մարդոց, ՄՈԿ-ի նախագահին, հետեւեալն է. «Մի՛ արգիլէք մարզանքը»: Ճնշում բանեցուցէք ձեր երկիրներու կառավարութիւններուն վրայ, պատերազմներ վարող քաղաքական գործիչներուն վրայ: Բայց մի՛ պատժէք մարզիկները: Ես մօտ եմ ուքրանացի մարզիկներու հետ, կը խօսիմ անոնց հետ, ունիմ ուքրանացի ընկերներ: Տարիներ ապրած եմ Ուքրանիոյ մէջ: Հարազատ կը զգամ: Նոյնն է զգացումս ռուսերուն նկատմամբ, բարեկամներ ունիմ թէ՛ Պիելոռուսիոյ մէջ, թէ՛ Ռուսիոյ մէջ: Գիտեմ, թէ որքա՛ն կը տառապին բոլոր երկիրներու մարզիկները: Եթէ արգիլէք այդ երկրի բոլոր մարզիկները, ինչպէ՞ս պիտի ապրին անոնք: Ապագայ սերունդին ի՞նչ կը մնայ: Արեւմտեան երկիրներ արգիլեր են կրթութիւն, մշակոյթ, այժմ մարզանք: Ինչպէ՞ս բացատրեմ ընկերներուս, թէ իրենց արգիլուած է մարզանքը»:

Նշենք, որ Արսէն Ջուլֆալաքեան յունահռոմէական ըմբշամարտի 2012-ի ողիմպիականի արծաթ մետալը շահած էր, 2014-ին դարձած էր աշխարհի ախոյեան, իսկ 2009-ին` Եւրոպայի ախոյեան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակ. Բանակի Կեդրոնական Մարզական Ակումբը Ջախջախեց Անդրանիկը Եւ Հասաւ 1/8-րդ Հանգրուան

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մարթինելլի 3 Կէտ Նուիրեց Արսենալին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?