Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակ.  Բանակի Կեդրոնական Մարզական Ակումբը  Ջախջախեց Անդրանիկը Եւ Հասաւ 1/8-րդ Հանգրուան

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակ. Բանակի Կեդրոնական Մարզական Ակումբը Ջախջախեց Անդրանիկը Եւ Հասաւ 1/8-րդ Հանգրուան

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1/16-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Երեւանի Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբը ընդունեց Անդրանիկ ֆութպոլի խումբը եւ 6 անպատասխան կոլեր նշանակեց անոր բերդին մէջ: ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին պաշտպաններէն Արկիշտի Պետրոսեան, որ 2 եղանակ մաս կազմած էր Լիբանանի ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ի հետ 2013-2015, նշանակեց Երեւանի կազմին 3-րդ կոլը 45-րդ վայրկեանին: Սամուէլ Յակոբեան (2), Սէրուժ Թիթիզեան, Կարլեն Յովհաննիսեան եւ Միսաք Յակոբեան նշանակեցին...

Ֆորմիւլա-1.  Վերշթափըն Տարուան  14-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Ֆորմիւլա-1. Վերշթափըն Տարուան 14-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Շաբաթավերջին Ֆորմիւլա-1-ի վերջին 2 տարիներու ախոյեան հոլանտացի Մաքս Վերշթափըն, որ սփրինթի մրցումէն ետք շահած էր այս տարուան տիտղոսը, Քաթարի կրան փրին ալ շահեցաւ: Տարուան 18-րդ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ Լուսէյլ շրջավազքին վրայ, քիչ մը «Էֆ. Այ. Էյ.»-ի որոշումով սահմանափակուած մրցում մըն էր, ուր վարորդները ամէնէն շատ 18 լեփ պէտք էր քշէին իրենց անիւներով: Այս ձեւով բոլոր վարորդներն ալ ստիպուեցան...

Եւրոպական Ֆութպոլ

Եւրոպական Ֆութպոլ

Իտալիա Ա. Սէ. Միլան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ Շատ հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, Ա. Սէ. Միլան 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ճենովայի դաշտէն, բան մը, որ զինք բարձրացուց առաջին դիրքին` Ինթեր Միլանի հաշուոյն, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պոլոնիայի հետ: 87-րդ վայրկեանին Միացեալ Նահանգներու միջնապահ Քրիսթիան Փուլիսիչ փենալթիի կէտին մօտէն լաւ վոլէյով մը նշանակեց մրցումի միակ կոլը` օգտուելով Եունուս Մուսայի գեղեցիկ փոխանցումէն: Մրցումը...

Ֆորմիւլա-1.  Վերշթափըն 3-րդ Անգամ Ըլլալով  Աշխարհի Ախոյեան

Ֆորմիւլա-1. Վերշթափըն 3-րդ Անգամ Ըլլալով Աշխարհի Ախոյեան

«Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն շաբաթ գիշեր Քաթարի մէջ Ֆորմիւլա-1-ի սփրինթի մրցումին գրաւեց 2-րդ դիրքը, բան մը, որ բաւարար էր կէտերու առաւելութեան մը հասնելով շահելու այս տարուան ախոյեանի տիտղոսը: Սփրինթ մրցումը երրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենայ, բայց 2021-ի եւ 2022-ի նման 3 մրցում չէ, այլ 6: Այսինքն` այս տարի մինչեւ օրս սփրինթի մրցումները եղան Ազրպէյճանի, Աւստրիոյ, Պելճիքայի եւ Քաթարի մէջ,...

Մեկըն Ռափինոյի Վերջին Մրցումը Սիեթըլի Մէջ

Մեկըն Ռափինոյի Վերջին Մրցումը Սիեթըլի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի աղջկանց աստղերէն Մեկըն Ռափինօ վերջին մրցումը խաղցաւ իր խումբին` Օ. Լ. Ռէյնի դաշտին վրայ, Սիեթըլի մէջ: Ուաշինկթըն Սփիրիթի դէմ այս մրցումին ներկայ էին 34.130 համակիրներ, որոնք ծափահարութիւններով ընդունեցին Ռափինոն: 2 անգամ մոնտիալը շահած Մեկըն, որ Օ. Լ. Ռէյն ակումբին հետ 11 տարի խաղցաւ, ձեւով մը պատճառ էր այս խումբին միջազգային դառնալուն: «Տունիս պէս կը զգամ: Միշտ ամէնէն...

Եուվենթուսի Աստղ Փոլ Փոկպա Կրնայ 4 Տարի Կախակայուիլ

Եուվենթուսի Աստղ Փոլ Փոկպա Կրնայ 4 Տարի Կախակայուիլ

«Սերի Ա.»-ի (Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) ֆրանսացի ֆութպոլիստ Փոլ Փոկպա կրնայ 4 տարի կախակայուիլ: Անցեալ ամիս ան կախակայուած էր, երբ օգոստոս ամսուան մէկ մրցումին աւարտին, յետ քննութեան, խթանիչ դեղերու հետքեր յայտնուեցան իր մօտ: Աւելի ուշ ան ենթարկուած էր 2-րդ քննութեան, որ նոյն արդիւնքները յայտնաբերած էր: Փոկպա այժմ հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի` գիտնալու համար, թէ դիտմա՞մբ գործածած է արգիլուած դեղը, թէ՞ ոչ: Կը...

Նակըլզման Հումըլզը  Հրաւիրեց Ազգային Խումբ

Նակըլզման Հումըլզը Հրաւիրեց Ազգային Խումբ

Եուլիան Նակըլզման, որ անցեալ ամիս նշանակուեցաւ Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ, 14 եւ 18 հոկտեմբերի բարեկամական մրցումներուն համար 26 մարզիկներ հրաւիրեց ազգային խումբ: Արդարեւ, Նակըլզման, որ նախապէս Պայերն Միւնիխի մարզիչն էր, Պայերնէն 5 մարզիկներ նկատի առաւ, մինչ վիրաւոր մարզիկներ Մանուէլ Նոյըրի, Սերժ Կնապրի եւ Թիմօ Վերների փոխարէն, առիթ պիտի ստանան նորեկ մարզիկներ: «Հին-նոր» մարզիկներու կարգին է Մաթս Հումըլզ, որ 2020-ի Եւրոպայի...

Թենիս.  Խաչանով Յաղթական

Թենիս. Խաչանով Յաղթական

Ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով Շանկհայ Մասթըրզի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի գծով մրցումի մը պարտութեան մատնեց ղազախ թենիսմեն Պէյպիթ Ժուքայեւը 7-6, 4-6 եւ 6-2 արդիւնքով եւ հասաւ 3-րդ հանգրուան: Խաչանով, որ աշխարհի թիւ 14-ն է, պիտի մրցի պուլկար Կրիկոր Տիմիթրովի դէմ: Տիմիթրով, որ թիւ 18 դասուած թենիսմեն է, պարտութեան մատնած էր Ալեքսանտր Վուքիչը (Աւստրալիա): Ստորեւ` արդիւնքները. Եանիք Սինըր (Իտալիա) - Սեպասթիան Պայես...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Մեկնի Լոնտոն` Վիրաւոր Արսենալի Դէմ Մրցելու

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Մեկնի Լոնտոն` Վիրաւոր Արսենալի Դէմ Մրցելու

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով վաղը` կիրակի, 8 հոկտեմբերի ժամը 6:30-ին Արսենալ պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին, 8-րդ հանգրուանին: Արսենալի ախոյեան ըլլալու թեկնածուի կարողութիւնները վաղը կը յստականան, մանաւանդ որ պրազիլցի Կապրիել Մարթինեզ եւ հոլանտացի Եուրիըն Թիմպըր բացակայ պիտի ըլլան վաղը, մինչ Պուքայօ Սաքայի վիճակը քիչ մը աւելի լաւ է: Ան Լանսի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին մկանի ցաւ ունեցաւ եւ հեռացաւ դաշտէն...

Ֆորմիւլա 1.  Վերշթափըն Կրնայ Ախոյեան  Դառնալ Քաթարի Մէջ

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Կրնայ Ախոյեան Դառնալ Քաթարի Մէջ

2021-ի եւ 2022-ի աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կրնայ վաղը դառնալ 2023-ի 2023-ի Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեան: Այս տարուան 17-րդ` Ճափոնի կրնան Փրիին Վերշթափընի «Ռետ Պուլ» ինքնաշարժը արդէն իսկ շահած էր խումբերու այս տարուան ախոյեանութիւնը, տարեշրջանի աւարտէն 5 մրցում առաջ: 18-րդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` Քաթարի մէջ, կրնայ ըլլալ Վերշթափընի ախոյեանութեան ձեռնադրուելու վայրը: Ան 177 կէտի առաւելութիւն մը ունի ամէնէն...

Կրավընպերես Ճիշդ Ճամբու Վրայ

Կրավընպերես Ճիշդ Ճամբու Վրայ

Լիվըրփուլի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, որ հոլանտացի Ռայըն Կրավընպերխ հետզհետէ ինքնավստահ կը դառնայ ամառնային փոխանցումներու վերջին օրը Պայերն Միւնիխէն Լիվըրփուլին միանալէ ետք: Հինգշաբթի օր 21 տարեկան Կրավընպերխ նշանակեց Լիվըրփուլի առաջին կոլը Իւնիոն Սեն Ժիլուազ (Պելճիքա) խումբին դէմ: Կրավընպերխ 2 անգամ ախոյեան հանդիսացած Այաքս Ամսթերտամի հետ հիմնական խաղցող էր` 89 անգամ մասնակցելով մրցումներու, բայց Պայերնին միանալէ ետք ընդհանրապէս իբրեւ պահեստի միջնապահ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Էմպիտ Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ  Նահանգները Փարիզի Ողիմպիականին

«Էն. Պի. Էյ.» Էմպիտ Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները Փարիզի Ողիմպիականին

Ժոել Էմպետ, որ Քամերունի հպատակութիւն ունէր, որոշեց ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը` 2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի Սենթըր Էմպիտ միջին հաշուով 33,1 կէտ, 10,2 ռիպաունտ եւ 4,2 էսիսթ կը կատարէ ամէն մրցումի: Նիքոլա Պաթում, որ Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիկ է եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի փլէյ մէյքըրը, յայտնեց, որ Էմպիտ նախապէս պահանջած է ֆրանսական...

Ալքարաս Միշտ Ճոքովիչի Մասին  Կը Մտածէ

Ալքարաս Միշտ Ճոքովիչի Մասին Կը Մտածէ

Սպանացի երիտասարդ թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սերպ Ճոքովիչի հետ իր պայքարն է, որ ուժ կու տայ առաջին դիրք վերադառնալու: Ան արդէն իսկ Շանկհայի Մասթըրզ մրցաշարքին հասած է մէկ նպատակով` տարին աւարտելու թիւ 1 դիրքին վրայ: 20 տարեկան սպանացին յայտնեց. «Ամէն փորձի... Սուտ չեմ խօսիր: Փորձի ժամանակ նպատակ դրած կ՛ըլլամ, մրցումի ժամանակ նպատակ դրած կ՛ըլլամ: Նպատակս...

Պայերն Միւնիխի Մրցանիշները Կը Բարելաւուին

Պայերն Միւնիխի Մրցանիշները Կը Բարելաւուին

Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ Չեմփիընզ լիկի իր մրցանիշները կը բարելաւէ: Արդարեւ, երեքշաբթի օր, Պայերն 36-րդ յաջորդական խաղը աւարտեց առանց պարտութեան, որ նոր մրցանիշ է: Գերմանացի Թոմաս Թուխելի տղաքը 2-1 արդիւնքով յաղթանակով վերադարձան Քոփենհակընի դէմ մրցումէն (Դանիա): Այս յաղթանակը իր կարգին մրցանիշ մըն է` յաջորդական 15-րդ յաղթանակը խմբակներու հանգրուաններու գծով: Վերջին անգամ Պայերն 2017-ին ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ պարտուած էր...

Մարոք, Սպանիա Եւ Փորթուգալ Պիտի Հիւրընկալեն 2030-ի Մոնտիալը

Մարոք, Սպանիա Եւ Փորթուգալ Պիտի Հիւրընկալեն 2030-ի Մոնտիալը

Անակնկալ որոշումով մը, ՖԻՖԱ-ն որոշեց 2030-ի մոնտիալի հիւրընկալ երկիրները յայտարարել ճշդուած թուականէն տարի մը առաջ: Արդարեւ, ՖԻՖԱ-ն նախապէս որոշած էր 2030-ի մոնտիալը հիւրընկալելու քայլը լաւ ուսումնասիրել, մանաւանդ որ մոնտիալի հարիւրամեակի առիթն ալ կը զուգադիպի նոյն տարին: Եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ որոշուեցաւ 3 մրցումներ ալ կատարել Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Փարակուէյի մէջ: 1930-ին Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունեցած էր պատմութեան առաջին մոնտիալի...

Լիոնել Մեսսի Կ՛ուզէ Լքել Ֆութպոլը Նիուելզ Օլտ Պոյզի Հետ

Լիոնել Մեսսի Կ՛ուզէ Լքել Ֆութպոլը Նիուելզ Օլտ Պոյզի Հետ

Ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն փայլուն աստղերէն արժանցինցի Լիոնել Մեսսի որոշեց լքել ֆութպոլը իր առաջին ակումբին` Նիուելզ Օլտ Պոյզի հետ: Արդարեւ, Ռոզարիօ քաղաքի (Մեսսիի ծննդավայրը) մաս կազմող այս ակումբը եղած էր Մեսսիի առաջին խումբը: Նիուելզ 6 տարեկան Մեսսին իր կազմին մէջ առաւ, ուր ան մնաց մինչեւ 13 տարեկան: Մեսսի այժմ պայմանագրութիւն ունի Ինթեր Մայեմիի հետ (Միացեալ Նահանգներ) մինչեւ 2025, որմէ ետք ան...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Յաջորդաբար 2-րդ Ամիսը Ըլլալով «Ամսուան Մարզիկ»-ը

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Յաջորդաբար 2-րդ Ամիսը Ըլլալով «Ամսուան Մարզիկ»-ը

Սէուտական Արաբիոյ Նասըր ակումբի աստղ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջորդաբար 2-րդ ամիսը ըլլալով ընտրուեցաւ ամսուան «լաւագոյն մարզիկ»-ը: 38 տարեկան Ռոնալտօ 5 կոլ նշանակեց սեպտեմբերին, ինչպէս նաեւ 3 կոլի փոխանցումներ (էսիսթ) կատարեց: Ան օգոստոսին ալ 5 կոլ նշանակած էր եւ կատարած 2 էսիսթ: Այժմ Նասըր, յաջորդական 6 մրցումներ յաղթած է եւ բարձրացած դասաւորման 4-րդ դիրքը: Հակառակ անոր որ Ռոնալտօ հասած է իր...

Քվարացխելիա. «Ներշնչուած Եմ  Կութիէն Եւ Ռոնալտոյէն»

Քվարացխելիա. «Ներշնչուած Եմ Կութիէն Եւ Ռոնալտոյէն»

Քանի մը օր առաջ, երբ Նափոլի պիտի հիւրընկալէր Ռէալ Մատրիտը, Նափոլիի ձախ կողմի միջնապահ-յառաջապահ Խվիչա Քվարացխելիա կարճ հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնեց, թէ իր պատանեկութեան օրերուն շատ ներշնչուած էր Կութիի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ելոյթներէն: «Թագաւորական խումբի» աստղերէն ամէնէն շատ Կութիի Ռոնալտոյի խաղը եւ հնարքները դիտելով ան քանի մը անգամ եւ ժամերով զանոնք փորձելով կը կրկնէր անոնց հարուածները: Վրացի 22 տարեկան այս...

Մայքըլ Ճորտըն` Հարուստներու  Դասաւորման Առաջին Մարզիկը

Մայքըլ Ճորտըն` Հարուստներու Դասաւորման Առաջին Մարզիկը

Պասքեթպոլի նախկին թիւ 1 աստղ Մայքըլ Ճորտըն այժմ 4,7 միլիառ տոլար ունի եւ Միացեալ Նահանգներու մեծահարուստներու ցանկի թիւ 1 աթլեթն է: 60 տարեկան Ճորտըն առաջին անգամ ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.» մուտք գործած էր 1984-ին իբրեւ 21 տարեկան սկսնակ մարզիկ եւ շուտով հռչակ շահած էր: 15 տարուան ընթացքին ան մօտաւորապէս 149 միլիոն տոլար եկամուտ ունեցած է, եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ».  Լանս – Արսենալ` 2-1. Մանչեսթըր Եունայթտ Պարտուեցաւ Օլտ Թրաֆորտի Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ». Լանս – Արսենալ` 2-1. Մանչեսթըր Եունայթտ Պարտուեցաւ Օլտ Թրաֆորտի Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լանս դարձաւ ֆրանսական առաջին խումբը, որ պարտութեան կը մատնէ Արսենալը, Ֆրանսայի մէջ: Արդարեւ, լոնտոնեան կազմը, հակառակ անոր որ 14-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը շնորհիւ պրազիլցի Կապրիէլ Ժեզուսի (Սաքայի փոխանցումէն ետք), 2 կոլեր ստացաւ Թոմասոնի (Ա. կիսախաղին) եւ Ուահիի միջոցով, եւ Լանս եղաւ պատմութեան առաջին ֆրանսական ակումբը, որ կը յաղթէ Արսենալին, Ֆրանսայի մէջ: Պուքայօ Սաքա...

Page 251 of 1281 1 … 250 251 252 … 1,281

Արխիւներ