ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը ամբողջացաւ, եւ ներկայիս սկսած է լուրջ փորձերու եւ փորձ-մրցումներու:
Արդարեւ, Լիբանանի ախոյեանութիւնը, որ պիտի սկսի 18 հոկտեմբերին, շատ հետաքրքրական կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ միացաւ Ռիատի, Տինամօ, Պէյրութ եւ Սաժես քառեակին, բաւական «աստղեր» հաւաքելէ ետք:
Արդէն իսկ բարեկամական փորձ մրցումներ ալ կատարող ՀՄԸՄ-ի խումբը, որուն մարզիչն է Ճօ Մժահես, համակիրներուն յոյսերը սկսան բարձրացնել, յիշեցնելով 2018-ի ախոյեանութեան ուրախ տարեշրջանը: Ճիշդ է, որ ախոյեանութիւն շահող խումբ մը 1 տարուան ժամանակամիջոցին չի կազմուիր, բայց տարեշրջանին սկսելու համար «Ֆայնըլ ֆոր»-ը պիտի ըլլայ հիմնական նպատակը: Անշուշտ եթէ բախտը ժպտայ, ինչու չէ աւելի բարձր դիրքերու հասնելու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի այս տարուան սկզբնական կազմը, որ պիտի մրցի ախոյեանութեան եւ բաժակի 2023-2024 տարեշրջանին.
Օտար մարզիկներ` Ուոլթըր Հոճ (Փուերթօ Ռիքօ), Քլէյանթոնի Ըրլի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ռաֆայէլ Փութնի (Միացեալ Նահանգներ), Ուոլթըրի դիրքը` փոյնթ կարտ (փլէյմէյքըր), իսկ Ըրլի եւ Փութնի` փաուըր ֆորուըրտ (յառաջապահ):
Լիբանանցիներ` Կէրի Չիվիչեան (շութինկ կարտ), Կապրիէլ Աճէմեան (սմոլ ֆորուըրտ), Ժերար Հատիտեան (սենթըր), Ճիմի Սալեմ (կարտ), Տանիէլ Պաղտատեան (սենթըր), Ժատ Խալիլ (կարտ) Թանիոս Աքիքի (ֆորուըրտ), Սէրուժ Աւետիսեան (կարտ) եւ Գէորգ Գէորգ (կարտ):