Լաս Վեկաս Էյսըզ երէկ 104-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Եորք Լիպըրթիի դէմ մրցումին եւ յառաջացաւ 2-0 արդիւնքով:
Էյճա Ուիլսըն 26 կէտ եւ 15 ռիպանուտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճեքի Եանկ աւելցուց 24 կէտեր: Քելսի Փլամ 23 կէտ նշանակեց:
Լիպըրթիի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճոնքըլ Ճոնզ (22 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Էմ. Վ. Փի. Պրիանա Սթիուըրթ (14 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Այսպիսով, Էյսըզ պէտք ունի յաղթանակի մը եւս` շահելու համար աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարուան ախոյեանութիւնը: