Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուիթ 2 – 1
Շաբաթ օր, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը բաւական դժուար առաջին կիսախաղէն ետք, կրցան իրենք զիրենք պարտադրել Բ. կիսախաղին եւ 2 կոլ նշանակել` արձանագրելով յաջորդական 2-րդ յաղթանակը: Առաջին կիսախաղը դժուարացաւ մանաւանդ 28-րդ վայրկեանին, երբ միջնապահ Հասան Զաայթեր վիրաւորուեցաւ: Արդէն կանուխ կոլը ստացած մեր տղաքը մինչեւ կիսախաղ քիչ մը կորսուած վիճակ ունէին: Էլի Փիլաւճեան փոխարինած էր Զաայթերը, եւ...




















