2024-ի մարմնամարզութեան 4 կարեւորագոյն մրցաշարքերէն առաջինը տեղի կ՛ունենայ Գահիրէի մէջ:
«Քայրօ աշխարհի բաժակ» մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւիթեան ոսկի մետալ շահեցաւ յենացատկի վարժութեան (մակ վոլթ)` նշանակելով 14,930 կէտ: Արծաթէ մետալ շահեցաւ ուքրանացի Նազար Չեփուընի (14,900 կէտ), իսկ պրոնզ` հոնկքոնկցի Ուայ Հունկ Շեք (14,800 կէտ):
Օղակներու վարժութեան մրցումներուն, Վահագն Դաւիթեան շահած էր արծաթէ մետալը` 14,500 կէտ հաւաքելով: Հիւսիսային քորէացի Ռիոնկ Եոնկ շահած էր ոսկի մետալ` 14,600 կէտ հաւաքելով: Պրոնզ մետալը շահեցաւ իտալացի Սալվաթորէ Մարեւսքա, որ Վահագն Դաւիթեանի նման 14,500 կէտ հաւաքած էր: