ՀՄԸՄ-ի պատանիները անգամ մը եւս ուշադրութիւն գրաւեցին բոլոր լիբանանեան լրատուամիջոցներուն, երբ անընդհատ քաջալերելով օգնեցին ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին, որ կարենայ յաղթել Անդրանիկին` 96-86 արդիւնքով:
Սկսելու համար, պէտք է խոնարհինք մեր ապագայի սերունդին առջեւ, որ ձեւով մը մոռցուց մեր համակիրները, որոնք պէտք է օրինակ առնեն իրենցմէ աւելի փոքր եղբայրներէն:
Մեր «ջղային» մարզիկները կրնայ ըլլալ նոյնքան դրական արդիւնք չտային մեր երէց համակիրներուն ներկայութեան, որոնք 2-րդ մրցումը ըլլալով պատժուած էին ոչ մարզավայել կեցուածքի պատճառով:
Յամենայն դէպս, երէկ մեր խումբը բաւական լաւ սկսաւ մրցումը յարձակողական առումով, բայց մրցակից խումբի օտարները շատ լաւ էին, եւ չկրցանք զսպել զանոնք: Ժատ Խալիլ արդէն լաւ սկսած էր եւ 9 կէտ նշանակեց, մինչ Զեք Լոֆթըն (7 կէտ), Ժերար Հատիտեան (6 կէտ), Տուէյն Ճեքսըն (4 կէտ) եւ Կապի Աճեմեան (2 կէտ) եղած էին կէտեր նշանակողները: Բ. մասին Անդրանիկ քիչ մը աւելի լաւ էր, եւ կիսախաղին 1 կէտի առաւելութեամբ խումբերը դադար առին (50-49): Գ. մասին ՀՄԸՄ-ի տղաքը պաշտպանողական կողմէ կրցան բաւական զսպել մրցակից խումբին յարձակումները, բայց ձախողեցան շատ կէտեր նշանակել, հակառակ անոր որ Զեք Լոֆթըն 8 յաջորդական կէտեր նշանակեց, մինչ Տուէյն Ճեքսըն 5 կէտ աւելցուց: 66-65 արդիւնքով յառաջացած մեր տղաքը շատ լաւ 4-րդ մաս մը ունեցան, ուր Ժատ Խալիլ 8 կէտ նշանակեց Տուէյն Ճեքսընի եւ խմբապետ Ժերար Հատիտեանի նման, մինչ Զեք Լոֆթըն քիչ մնաց վտարուէր դաշտէն, երբ իրաւարարին որոշումին դէմ կը գանգատէր եւ ստացաւ թեքնիքըլ մը, որմէ ետք մարզիչ Ճօ զինք հանեց «հանդարտելու» համար:
Ի վերջոյ 9 կէտի առաւելութիւն մը աւելցնելով ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրցան 96-86 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ մրցումէն` ուրախացնելով մեր պատանի համակիրները` դաշտին մէջ, եւ բոլոր համակիրները` դաշտէն դուրս, տուները կամ իրենց գործատեղիներուն մէջ: Պէտք է ըսել նաեւ, որ յաջորդական 4-րդ մրցումը ըլլալով ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը յաղթանակ կ՛արձանագրէին` առանց մոռնալու, որ խումբը վիրաւոր մարզիկներ ունի եւ կը ստիպուի 7 մարզիկներով խաղալ:
Այս մրցումին Ժատ Խալիլ, որ 40 լման վայրկեանները խաղցաւ, 19 կէտ նշանակեց, որոնց 5-ը` 3 կէտնոց կողովներով, մինչ Տուէյն Ճեքսըն 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` նշանակելով ընդամէնը 24 կէտ: Խմբապետ Ժերար Հատիտեան 22 կէտ նշանակեց եւ 11 ռիպաունտ կատարեց` տապըլ տապըլ իրագործելով Տուէյն Ճեքսընի նման, որ իր կարգին 11 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Զեք Լոֆթըն (21 կէտ) կրնար տապըլ տապըլ արձանագրել Ժատ Խալիլի կողքին, եթէ 1 ռիպաունտ եւս ձեռք ձգէին:
Յոյսով, որ մինչեւ յառաջիկայ 6 մարտ` Ռիատիի դէմ մրցումին, մեր վիրաւորները կ՛ապաքինին, իսկ Կապի Աճեմեան եւ Զեք Լոֆթըն զոյգն ալ աւելի հանդարտ ջիղերով կը մասնակցի:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը դադար պիտի առնէ վաղուան Պէյրութ-Անթունիէ մրցումէն ետք, որպէսզի Ուասլի մրցաշարքը, ինչպէս նաեւ «Պէյրութի բաժակի» մրցաշարքը խաղցուի` մասնակցութեամբ 6 արաբական ազգային խումբերու` Քուէյթ, Սուրիա, Օման, Իրաք, Պաղեստին եւ անշուշտ Լիբանան:


