 «Պէյրութի բաժակ» մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի վաղը: Բացման մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը պիտի մրցի Իրաքի ազգային խումբին դէմ, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, մինչ երեկոյեան ժամը 19:30-ին Պաղեստինի ազգային խումբը պիտի մրցի Սուրիոյ դէմ:

Սկզբունքով 6 ազգային խումբեր պիտի մասնակցին այս մրցաշարքին, բայց քանի մը օր առաջ Օմանի եւ Քուէյթի ազգային խումբերը քաշուեցան մրցաշարքէն:
Կիրակի օր, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Լիբանան կը մրցի Պաղեստինի դէմ, մինչ 19:30-ին Սուրիա պիտի մրցի Իրաքի դէմ:
Մրցաշարքին վերջին օրը պիտի ըլլայ երեքշաբթի, 20 փետրուարին, երբ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պաղեստին կը մրցի Իրաքի դէմ, մինչ Լիբանան կը մրցի Սուրիոյ դէմ` երեկոյեան ժամը 17:45-ին: Մրցաշարքի ախոյեան կը դառնայ առաջին դիրքը գրաւող խումբը:
Պէտք է նշել, որ Լիբանանի ազգային խումբ կանչուած էին ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Ժերար Հատիտեան եւ Ժատ Խալիլ, ինչպէս նաեւ Սերժիօ Տարուիշ, Ալի Մըզհեր, Ուաէլ Արաքժի, Ալի Մանսուր, Ամիր Սէուտ, Հայկ Կէօքճեան, Մարք Խուէյրի, Օմար Ժամալէտտին, ինչպէս նաեւ Անթունիէէն Պրայըն Մանսուր եւ Ժան-Լիւք Մախլուֆ, որոնք փոխարինեցին վիրաւորներ Քարիմ Իզզէտտինը եւ Քարիմ Զէյնունը:
Նորվել Փել նաեւ պիտի մասնակցի փոխարինելով Մոնտիալին մասնակցած Օմպի Սփիլմենը: