 Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան «ֆայնըլ 4»-ի մրցումներու յայտագիրը հրապարակուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի ժամը 20:30-ին Մանարայի դաշտին վրայ պիտի մրցի Ռիատիի դէմ:
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան «ֆայնըլ 4»-ի մրցումներու յայտագիրը հրապարակուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի ժամը 20:30-ին Մանարայի դաշտին վրայ պիտի մրցի Ռիատիի դէմ:
Հինգշաբթի ժամը 21:00-ին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Ռիատին, Մըզհերի մէջ, իսկ շաբաթ օր տեղի կ՛ունենայ վերջին ճակատումը ժամը 20:00-ին, Մանարա, եթէ անշուշտ որեւէ խումբ չէ կրցած 2 յաղթանակ ապահովել:
Կիսաւարտականի միւս մրցումը իրարու դէմ կը հանէ անցեալ տարուան ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ եւ Չեմփս խումբերը: Երկուշաբթի ժամը 20:00-ին Շիյահի դաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Չեմփսը, չորեքշաբթի ժամը 20:30-ին Չեմփս Հազմիէի մէջ կը հիւրընկալէ Պէյրութը, իսկ ուրբաթ, եթէ պէտք ըլլայ` 3-րդ ճակատումը` Շիյահի դաշտը, ժամը 20:00-ին:
 
			

