Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի աւարտականին, Քաթար 3 փենալթիներով կրցաւ յաղթել «յամառ» Յորդանանին` 3-1 արդիւնքով:
Առաջին կիսախաղին, Քաթար փենալթիով նշանակած էր առաջին կոլը, սակայն Բ. կիսախաղին Յորդանան ճնշեց եւ կրցաւ հաւասարիլ, բայց իրաւարարը 2 անգամ փենալթի եւս սուլեց ի նպաստ հիւրընկալ Քաթարին, որ յաջորդական 2-րդ տիտղոսը շահեցաւ:
Աքրամ Աֆիֆ հեթ թրիք իրագործեց փենալթիներով, մինչ Եազան Նայմաթ նշանակեց Յորդանանի միակ կոլը:
Ճափոն ամէնէն աւելի շահած է այս մրցաշարքը` 4 անգամ, մինչ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա երեքական անգամ շահած են: