Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուիթ 2 – 1

February 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը բաւական դժուար առաջին կիսախաղէն ետք, կրցան իրենք զիրենք պարտադրել Բ. կիսախաղին եւ 2 կոլ նշանակել` արձանագրելով յաջորդական 2-րդ յաղթանակը:

Առաջին կիսախաղը դժուարացաւ մանաւանդ 28-րդ վայրկեանին, երբ միջնապահ Հասան Զաայթեր վիրաւորուեցաւ: Արդէն կանուխ կոլը ստացած մեր տղաքը մինչեւ կիսախաղ քիչ մը կորսուած վիճակ ունէին: Էլի Փիլաւճեան փոխարինած էր Զաայթերը, եւ Բ. կիսախաղին մեր տղաքը ցուցմունքներ ստանալէ ետք մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանէն բոլորովին տարբեր խաղաոճով եւ թաքթիքով սկսան: Մրցակիցը, որ առաջին մրցումին ալ պարտութիւն կրած էր, անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ եւ սխալմամբ նշանակեց հաւասարութեան կոլը իր բերդին մէջ: Պէտք է ըսել, որ մեր տղաքը 45 վայրկեան իշխեցին գնդակին եւ մրցակիցին վրայ, սակայն կոլ չկրցան նշանակել մինչեւ 80-րդ վայրկեանը, երբ իրաւարարը ի նպաստ մեր տղոց սուլեց փենալթի մը, որ կոլի վերածեց «մասնագէտ» Սերժ Օսքեան: Արդիւնք` 2 – 1: Մրցակից խումբի մարզիկները «կատղած» էին եւ շատ ճնշեցին իրաւարարին վրայ, որ զարմանալիօրէն հանդարտ մնաց:

Մրցումը աւարտելէ ետք ալ, մրցակից կազմէն քանի մը մարզիկներ ոչ մարզավայել ձեւով վարուեցան իրաւարարներուն եւ նոյնիսկ ֆետերասիոնի «հսկիչին» նկատմամբ` յաճախ սպառնալիքներու դիմելով… Անդին, մեր տղաքը տասնեակ մը համակիրներով «ուրիշ» աշխարհի մէջ էին» եւ կը տօնէին 3 կէտերը:

Պուրճ Համուտի տղաքը դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով.  բերդապահ` Ահմետ Նասեր (Սայյէտ), յետսապահներ` Հիւսէյն Պազզի (աջ),  Ապըտ Սոնտոս, Նայեֆ Քալութ եւ Ալեք Ալճեան (ձախ), միջնապահներ` Աւիկ Յարութիւնեան, Հասան Զաայթեր եւ Տիգրան Վարդան (Տիգօ) եւ յառաջապահներ` Ալի Ֆահըս (աջ) եւ Եուսեֆ Համատէ եւ Սերժ Օսքեան (ձախ): Ինչպէս նշեցինք, Էլի Փիլաւճեան փոխարինեց վիրաւոր Հասան Զաայթերը (28-րդ վայրկեանին), ապա Բ. կիսախաղին Ֆատըլ Ռիտա փոխարինեց Տիգոն, իսկ Իպրահիմ Մուսաուի փոխարինեց Սերժ Օսքեանը վերջին վայրկեաններուն:

Մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան յստակօրէն ինքզինք կը փաստէ մրցումէ մրցում եւ կիսախաղէ կիսախաղ: Ան շատ լաւ կը կարդայ մրցակից խումբը, անոր զօրաւոր ու տկար կէտերը եւ տղոց կու տայ ցուցմունքներ, որոնք եթէ ճիշդ ձեւով կատարուին, արդիւնք կրնանք քաղել: Յոյսով, որ մեր տղաքը մարզիչին ցուցմունքները կը կատարեն յաջորդող մրցումներուն ալ` ձեռք ձգելու համար յաղթանակներ:

Ստորեւ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դասաւորումը, 2 մրցումներէ ետք.

1.- Տապըլ Քիք                6  (11-0) ԿԷՏ
2.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ    6 (8-1) ԿԷՏ
3.- Ռաուտա Տըքուանէ       6 (4-1) ԿԷՏ
4.- Ռապիթաթ Ուարտանիէ 4 (5-4) ԿԷՏ
5.- Ռիատի Սիպլին             3 (2-1) ԿԷՏ
6.- Հիլալ Նասր                   3 (3-4) ԿԷՏ
7.- Ռիատի Արամուն           1 (4-5) ԿԷՏ
8.- Սաֆա Շուիթ                 0 (3-5) ԿԷՏ
9.- Ուահտէ Շուֆ                   0 (0-8) ԿԷՏ
10.- Ահլի Սարպա               0 (1-12) ԿԷՏ

Նախորդը

«Էն.Պի.Էյ.» Մաքլանկ Դարձեալ Տանքի Ախոյեան. Լիլըրտ Մնաց 3 Կէտի Ախոյեան

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ` 1 – 4

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

January 9, 2026
Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը
Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

January 9, 2026
Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ
Մարզական

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.