«Օլ Սթար»-ի շաբաթավերջին տեղի ունեցան տանքի, 3 կէտի եւ Քըրի – Սապրինա ճակատումը 3 կէտ կողովներու:
Տանքի մրցումներուն մասնակցեցան Պոսթըն Սելթիքսի մարզիկ Ճէյլըն Պրաունը, Մայեմի Հիթի նորեկ մարզիկ Ճէյմի Ճեքիզ ճունիոր, Ճէյքըպ Թոփըն Նիւ Եորք Նիքսէն եւ Մեք Մաքլանկ (Օսեոլա Մեճիք, Ճի լիկ), որ անցեալ տարի շահած էր տանքի մրցանակը:
Առաջին հանգրուանէն դուրս մնացին Ճեքիզ եւ Թոփին: Ճէյլըն Պրաուն հասաւ աւարտականին, բայց տեղի տուաւ անցեալ տարուան ախոյեան Մեք Մաքլանկի դիմաց, որ 50 ամբողջական կէտեր հաւաքեց:
Երբ հարցուեցաւ յառաջիկայ տարուան մասնակցութեան մասին, Մեք Մաքլանկ յայտնեց. «Երբեք մի՛ ըսեր` «երբեք» (նեվըր սէյ նեվըր):
Ան միացաւ Զեք Լըվինի (2015 եւ 2016), Ճէյսըն Ռիչըրտսընի (2002 եւ 2003), Հարոլտ Մայնըրի (1993 եւ 1995), Տոմինիք Ուիլքինզի (1989 եւ 1990) եւ Մայքըլ Ճորտընի (1987 եւ 1988), որոնք 2 անգամ շահած են տանքի մրցումներուն: Միայն Նէյթ Ռոպինսըն 3 անգամ յաջողած է շահիլ այս մրցումները (2006-ին, 2009-ին եւ 2010-ին):
3 կէտ նշանակելու մրցումներուն Տեմիըն Լիլըրտ յաջողեցաւ յաղթել յաջորդական 2-րդ տարին ըլլալով: Այս մրցումին մասնակցեցան Թրէյ Եանկ (Աթլանթա Հոքս), Քարլ Անթոնի Թաունզ (Մինեսոթա Թեմպըրվուլվզ), Թայրիա Հելիպըրթըն (Ինտիա Փէյսըրզ) եւ անշուշտ Միլուոքի Պաքսի մարզիկ Լիլըրտ:
Թրէյ Եանկ առաջին հանգրուանին կրցաւ 26 կէտ նշանակել եւ ստիպել միւս 3-ին, որ 30 երկվայրկեանէն նշանակեն թայ պրէյքով (հաւասարութիւն կտրելու), որ դուրս մնաց Հելիպըրթը:
2024-ի 3 կէտի մրցումները կը բաղկանային 4 շարք գնդակներէ, շարուած` 4 դիրքերու վրայ, ամէն շարքին մէջ 4 «Էն.Պի.Էյ.»-ի գնդակ (1 կէտ) եւ 1 գունաւոր գնդակ, որ 2 կէտ կ՛արժէր:
Եանկ վերջին հանգրուանին վերջին հարուածը չկրցաւ նշանակել եւ առիթ տուաւ Լիլըրտի, որ շատ հանգիստ նշանակեց: Նշենք, որ աւելի հեռու դիրքի վրայ աստղերով գնդակներ ալ զետեղուած էին 3 կէտ արժող, որոնցմէ օգտագործեց Լիլըրտ եւ կրցաւ շահիլ մրցումը:
2007 եւ 2008-ին Ճէյսըն Քափոնօ 2 յաջորդական տարիներ շահած էր, Սթեֆըն Քըրի (2015 եւ 2021-ին), Փէյա Սթոյաքովիչ (2002 եւ 2003), Ճեֆ Հորնաչեք (1998 եւ 2000), Մարք Փրայս (1993 եւ 1994): Միայն Լերի Պըրտ (1986, 1987 եւ 1988) եւ Քրէյկ Հոճզ (1990, 1991, 1992) շահած են 3 անգամ:
3 կէտի այլ ճակատում մը տեղի ունեցաւ «Էն.Պի.Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն տղոց եւ աղջկանց աստղեր Սթեֆըն Քըրիի եւ Սապրինա Իոնեսքուի միջեւ:
Այս տեսակի պատմութեան առաջին մրցումին, Սապրինա շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ նշանակեց 26 կէտ (տղոց 3 կէտի մրցումներու լաւագոյն արդիւնքին նման), բայց «Սթեֆ» Քըրի 29 կէտ նշանակեց եւ շահեցաւ այս ճակատումը: