Այսօր յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի իր 2-րդ մրցումը` Սաֆա Շուիթի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը առաջին մրցումին 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ տարած էին Ուահտէ Շուֆի դէմ, մինչ Սաֆա Շուիթ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ուապիթաթ Ուարտանիէի դէմ մրցումին:
Մեր տղոցմէ կը սպասուի խմբային խաղաոճ մը` պայքարելով 90 վայրկեան, ձեռք ձգելու 3 կէտ եւս:
Առաջին շաբթուան ամէնէն մեծ արդիւնք ձեռք ձգած Տապըլ քիք պիտի մրցի Հիլալ Նասր խումբին դէմ, որ իր կարգին յաղթանակով սկսած էր Ռիատի Արամունի դէմ մրցումը (3-2):